Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը պաշտօնական այցով Անգարայի մէջ է՝ քննարկելու տարածաշրջանային հարցեր, այդ շարքին՝ իրավիճակը Սուրիոյ մէջ։
Անգարայի օդակայանին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը դիմաւորած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
Պլինքըն Անգարայի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի հետ՝ քննարկելու Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները։ Պլինքըն քննարկած է Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա ամուր տարածաշրջանային համագործակցութիւնը եւ ընդհանուր շահը՝ աջակցելու Սուրիոյ մէջ դէպի հաշուետու եւ ներառական կառավարութիւն քաղաքական անցման:
Ան վերահաստատած է Սուրիոյ մէջ բոլոր դերակատարներու՝ մարդու իրաւունքները յարգելու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պահպանման եւ խաղաղ բնակիչները, ներառեալ փոքրամասնութիւններու խումբերու անդամները պաշտպանելու համար հնարաւոր բոլոր քայլերու կարեւորութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը նշած է բոլոր կարիքաւորներուն մարդասիրական օգնութեան հոսքը դիւրացնելու կարեւորութիւնը եւ ընդգծած, որ տեղահանուած սուրիացիները պիտի շարունակեն պաշտպանութեան կարիք ունենալ:
Անգարայի մէջ կայացած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ֆիտանը յայտարարած է, որ Պլինքընի հետ քննարկած է այն գործողութիւնները, որ կրնան ընել Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները եւ տարածաշրջանային դերակատարները՝ ի շահ Սուրիոյ ժողովուրդի, միասնութեան, ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան: Անոր խօսքով՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հնարաւորինս շուտ հրադադար հաստատելու Կազայի հատուածին մէջ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընն ըսած է, որ Ուաշինկթընն ու Անգարան ընդհանուր առմամբ համաձայնութեան եկած են Սուրիոյ ապագայի տեսլականի շուրջ։
«Մենք կեդրոնացած ենք մեր եւ սուրիացի ժողովուրդի առջեւ եղած հնարաւորութեան վրայ: Մենք կեդրոնացած ենք սուրիացի ժողովուրդը Պաշշար Ասատի կապանքներէն ազատելու վրայ… Նախագահ Թայէպ Էրտողանի, արտաքին գործոց նախարար Ֆիտանի հետ մեր քննարկումներու ընթացքին մենք ընդհանուր առմամբ համաձայնութեան եկած ենք Սուրիոյ ապագայի տեսլականի ուղղութեամբ մեր քայլերու շուրջ»,- ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը։