Իսրայէլեան հրասայլերն առաջ անցած են բախարգելային (պուֆերային) գօտիէն եւ տեղակայուած Սուրիոյ հարաւը գտնուող Քաթանա բնակավայրի մօտ, յայտնած է լիբանանեան Al Mayadeen հեռուստաալիքը։ Բնակավայրը կը գտնուի Դամասկոսէն 21 քմ հեռաւորութեան վրայ։
Ինչպէս յայտնած է Al Mayadeen-ը, իսրայէլեան զօրքերը մտած են Դամասկոսի արուարձաններու քանի մը գիւղեր։
Իսրայէլեան բանակն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ կը նախատեսէ ցամաքային գործողութիւններ իրականացնել միայն պուֆերային գօտիին մէջ, այլ ոչ թէ ատկէ դուրս:
Իսրայէլեան կործանիչները Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք հարուածներ հասցուցած են աւելի քան 250 ռազմական կառոյցներու։ Իսրայէլեան բանակի Galei IDF ռատիոյի աղբիւրը տեղի ունեցողն անուանած է իսրայէլեան օդուժի պատմութեան մէջ ամենախոշոր յարձակողական գործողութիւններէն մէկը։