image

Սուրբ Զատկուան Եպիսկոպոսական Պատարագ՝ Ապու Տապիի մէջ

 Սուրբ Զատկուան Եպիսկոպոսական Պատարագ՝ Ապու Տապիի մէջ

Ձեռամբ ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Թեմերու  Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի Զատկուան Տօնի առթիւ  Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է Ապու Տապիի  մէջ։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄԷ-ի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Կիրակի 17 Ապրիլ 2022-ին Ա․Մ․Է․ եւ Քաթարի Առաջնորդ' Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեան Ապու Տապիի Ս․ Նահատակաց առաջնորդանիստ եկեղեցիէն ներս Ս․ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց։

Սրբազան Հօր քարոզը կեդրոնացաւ Քրիստոսի Յաղթական Յարութեան եւ Մարդու տրուած յաւիտենական կեանքի մասին ուր ըսաւ' " Քրիստոսի Յարութիւնը անմահանալու ու յաւիտենապէս ապրելու կոչ ու հրաւէր է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, Քրիստոսի մահուան դէմ յաղթանակը վերակենդանանալու միջոց է, հետեւաբար բոլորս ալ Յարութեան արժանի ենք Քրիստոսի հաւատքի պահպանութեամբ ու գործադրութեամբ":

Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը Ազգ․ Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդուեց շնորհաւորութիւնները Զատկուայ առիթով։