Օրերս մեծ խանդավառութեամբ մը Պոլիս ապրող հայաստանցի երեխաները նշած են Սուրբ Զատկուան տօնը իրենց շատ սիրելի «Հրանդ Տինք»ի անուան վարժարանին մէջ։
Այս մասին կը կարդանք Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Հրանդ Տինք վարժարանի մէջ Զատկուան տօնը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ մը։ Զատկական աւանդական սեղանի, երգի ու պարի, թատերական խաղի, բանաստեղծութիւններու միջոցաւ դպրոցի սաները հանդէս եկան երեք լեզուներով. հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն։ Տօնական մթնոլորտ կար նաեւ մանկապարտէզի մէջ։ Մանուկները հաւկթամարտ ունեցան իրարու հետ։
Կամաւոր հոգաբարձուներ Տէր եւ Տիկին Արթօ- Դալար Հորոզօղլուները սաներուն բաժնեցին տուրմէ հաւկիթներ եւ չէօրէքներ։ Այս տարի չէօրէքները նուիրուած էին Տիկին Ժանէթ Էօզչէլիքի կողմէ։
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ աշակերտները պատրաստած էին զատկական համեղ խմորեղէններ, զորս նոյնպէս նուիրեցին աշակերտներուն եւ հիւրերուն։
Ս. Զատկի հանդիսութեան պատուակալ հիւրը վարժարանի բարեկամ Լաքի Վինկասն էր, որ նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կը կանգնի վարժարանին։