Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի մէջ տօնախմբուած է մեր եկեղեցւոյ սիրելի սուրբերէն՝ Սուրբ Յակոբի տօնը։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։
Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Սուրբ Պատարագը մատուցուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ Թեմի կարող քահանաներէն՝ Տ. Պարթեւ աւ. քհնյ.Գարագաշեանի ձեռամբ իսկ յաւուր պատշաճի խօսք արտասանած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն արք. Նաճարեանը։
Տօնը առիթ մը եղած է, որպէսզի մեր հայրենակիցները անգամ մը եւս բոլորուին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ եւ գօտեպնդուին օրուայ խորհուրդով։