image

Սիտնիի Հայ Աւետարանական համայնքին յոբելենական տօնակատարութիւնները

Սիտնիի Հայ Աւետարանական համայնքին յոբելենական տօնակատարութիւնները

Յոբելինական տօնակատարութիւններ՝ Սիտնիի Հայ Աւետարանական համայնքին մէջ

Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանական համայնքը  անցնող  օրերուն հանդիսաւոր կերպով նշեց իր պատմական  յոբելեանները՝ հաւատքի, ծառայութեան եւ միասնականութեան մթնոլորտի մէջ։ Տօնակատարութիւնները համախմբեցին եկեղեցական, ազգային եւ համայնքային բազմաթիւ դէմքեր, որոնք միասին շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ՝ անցեալի օրհնութիւններուն եւ ապագայի յոյսին համար։

Ստորեւ այդ մասին «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք համայնքի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Օրերս Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եւ Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութիւնը  հանդիսաւոր կերպով նշեցին շարք մը կարեւոր յոբելեաններ՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-ամեակը, Սիտնիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 60-ամեակը, եկեղեցւոյ   30-ամեակը եւ Աւստրալիոյ Հայ  Աւետարանչական Ընկերակցութեան 25-ամեակը։

Այս նշանակալի առիթներուն մասնակցելու համար Սիտնի ժամանեցին երկու յատկանշական հիւրեր՝ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ կը գլխաւորէ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը, Հայկազեան Համալսարանը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Տիար Յարութ Ներսէսեան, Ամերիկայի Հայ Միսիոնարական Ընկերակցութեան դաշտային տնօրէնը, որ կը ներկայացնէր կազմակերպութեան նախագահ Կերի Ֆիլիփսն ու գործադիր տնօրէն Սերժ Պուչագճեանը։

Տօնակատարութիւններու շարքը սկսաւ շաբաթ, 16 Մայիսին, Սիտնիի Սուրբ Ստեփանոս Միացեալ Եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեամբ։ Յաջորդ օրը՝ կիրակի, 17 Մայիսին, Սիտնիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական շնորհակալական պաշտամունք, իսկ երեկոյեան Միրամար Կարտընսի մէջ կազմակերպուեցաւ հանգանակութեան հանդիսաւոր ընթրիք։

Այս առիթները վերածուեցան հոգեւոր ուրախութեան, խորհրդածութեան եւ երախտագիտութեան պահերու։ Ներկայ էին տարբեր յարանուանութիւններու եկեղեցական առաջնորդներ, ազգային եւ համայնքային ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հովանաւորներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բարեկամներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։

Կազմակերպիչները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Աստուծոյ՝ այս կարեւոր հանգրուաններուն համար, աղօթելով, որ համայնքը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ եւ օրհնութեամբ։