Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գրասենեակէն վերահասու դարձանք, թէ չորեքշաբթի՝ 15 փետրուարին, Վատիկանի Քրիստոնէական միասնութեան խթանման վարչութեան մէջ (DPUC) տեղի ունեցած է ժողով՝ նուիրուած Սուրբ Աթոռի մէջ այս տարեվերջին կայանալիք Ս. Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեայ տարելիցի ոգեկոչման։
DPUC-ի նախագահ կարտինալ Քուրտ Քոխի հրաւէրով հանդիպման ներկայ էին Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու վարչութեան նախագահ, Արքեպիսկոպոս Քլաուտիօ Կուջերոտին, Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիհոսի ներկայացուցիչ Գերշ․ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ․ Տ․ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմեզեանը, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայերու առաջնորդ, Գերշ․ Տ․ Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքեանը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, Գերշ․ Տ․ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանը։
Հանդիպման քննարկուած է յոբելեանի համար նախատեսուած միջոցառումներու նախագիծը։
Ժողովին մասնակցած են նաեւ DPUC-ի պաշտօնեայ Հայր Հիասինթ Տեսթիվելը եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու վարչութեան պաշտօնեայ, Նիքոլաս վան տեր Մաելենը։