image
Հրատապ լուրեր:

Միքայէլ Սրբազան կրնայ 2 տարի 6 ամիս բանտարկուիլ. Դատախազը միջնորդութիւն ներկայացուց

Միքայէլ Սրբազան կրնայ 2 տարի  6 ամիս  բանտարկուիլ. Դատախազը միջնորդութիւն ներկայացուց

Միքայէլ Սրբազանի գործով լրացուցիչ դատական նիստին մեղադրանքի կողմը միջնորդած է 2.6 տարիով ազատազրկել Սրբազանը:

Պաշտպանական կողմը պնդած է՝ Սրբազանն անմեղ է: «Մեք այս դատարանում, ցաւօք, արդարդատութեան զգացում չունեցանք»,-ըսած է փաստաբան Արա Զոհրաբեանը:

Յիշեցնենք, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը սեպտեմբեր 24-ին մեղաւոր ճանչցուած էր: Երեւանի քրէական դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Արմինէ Մելիքսեթեանի, հրապարակած էր մեղադրական դատավճիռը: Միքայէլ Սրբազանի խափանման միջոցը մնացած էր անփոփոխ՝ իր սահմանափակումներով:

Յիշեցնենք նաեւ, որ մեղադրանքի հիմքը մէկ տարուան վաղեմութեան հարցազրոյց մըն է, ուր Միքայէլ Սրբազանը խօսած էր յեղաշրջման անհրաժեշտութեան մասին: Ընդ որում, մէկ տարի առաջ Ընդհանուր դատախազութիւնը նոյն այդ խօսքերուն մէջ յանցակազմ չէր տեսած եւ գործ չէր յարուցած: Սակայն, այս գործը յարուցելու ժամանակ կը հիմնաւորէ, թէ Աջապահեանը յեղաշրջման անհրաժեշտութեան մասին միտքը կրկնած է յաջորդիւ՝ քանի մը անգամ: Միքայէլ Սրբազանը մեղադրանքը քաղաքական հետապնդում կը որակէ, ինքզինք մեղաւոր չի ճանչնար: