image

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ

Օրերս, Թարթուսի մէջ, Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Թարթուսի յոյն ուղղափառ Մար Տանիալ եկեղեցւոյ մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Բերիոյ թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2024-ին մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Թարթուսի յոյն ուղղափառ Մար Տանիալ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանի, ներկայութեամբ՝ Թարթուսի Հայ համայնքի թաղական խորհուրդի անդամներուն եւ ընտանիքներուն։

Քահանայ Հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց, նիւթ ունենալով օրուան ճաշու Աւետարանէն քաղուած հատուածը (Մարկոս 10.28-34): Աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն։