Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով հերթական հեռախօսազրոյցը ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ճէյք Սալիվանի հետ։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
«Ուշաքովն ու Սալիվանը շարունակած են իրենց քննարկումը երկու փաստաթուղթերու նախագիծով շարադրուած եւ աւելի վաղ ամերիկեան կողմին փոխանցուած ռուսական յայտնի առաջարկներու ծիրին մէջ», ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։
«Քննարկումը կրած է գործնական բնոյթ: Նախագահին օգնականները պայմանաւորուած են շարունակել շփումները», յաւելած է Փեսքով։
Դեկտեմբեր 17-ին Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն շրջանառութեան մէջ դրած է ԱՄՆ-ի եւ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի կողմէ իրաւական անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրման վերաբերեալ ռուսական երկու փաստաթուղթերու նախագիծ։ Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ուշաքովը Սալիվանին ըսած է, որ Մոսկուան պատրաստ է անյապաղ բանակցութիւններ սկսելու այդ փաստաթուղթերու նախագիծերու շուրջ։
Աւելի վաղ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կոչ ըրած էր ՆԱԹՕ-ին սկսելու առարկայական բանակցութիւններ՝ նպատակ ունենալով Ռուսաստանին ապահովել անվտանգութեան յուսալի եւ երկարաժամկէտ երաշխիքներ։ Ան պարզաբանած է, որ Մոսկուային իրաւական երաշխիքներն են պէտք, քանի որ արեւմտեան գործընկերները չեն կատարած իրենց համապատասխան բանաւոր պարտաւորութիւնները։