Վերջերս ԱԱծ-ն «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծ ներկայացուցած է, որուն մէջ առաջարկ կ'ըլլայ, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար մեր հայրենակիցները 2 տարուան մէջ առնուազն 60 բնակած ըլլան Հայաստանի մէջ:
Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեան անդրադառնալով այս առաջրկին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ նման նախագծի առաջ մղումը իրենք կը համարեն ժամանակավրէպ եւ դէմ են նախագծին՝ այս տեսքով:
Ըստ Ալեքսանեանի, Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակը համոզուած է, որ ՀՀ քաղաքացիութեան ձեռքբերման գործընթացը ազգութեամբ հայերու համար մշտապէս պէտք է պարզեցուի, որպէսզի մեր հայրենակիցները այդ կարգէն կարենան օգտուիլ: Ան նշած է, որ սա մեր հայրենակիցներու համար հնարաւորութիւն է Հայաստանի մէջ իրաւական առումով կայանալու, աշխատանք ունենալու, ձեռնարկատիրական գործունէութիւն ծաւալելու առումներով ընդլայնելու իրենց հնարաւորութիւնները:
«Մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է, որ այդ գործընթացը պէտք է շարունակաբար պարզեցուի: Եթէ նկատուում են փաստաթղթերի հետ կապուած անճշդութիւններ կամ կեղծիքներ, ապա այդ դրուագները պէտք է առանձին քննարկուեն, ոչ թէ փակուեն մեր բոլոր միւս հայրենակիցների հնարաւորութիւնները: Խօսքը եկեղեցական մկրտութեան վկայականների մասին է»,-ըսած է ան:
Յովհաննէս Ալեքսանեանի խօսքով, այս պարագային խօսքը ՀՀ-ի մէջ բնակութեան երկամսեայ պայման մտցնելու մասին է. «Սա մի կողմից հասկանալի է, միւս կողմից մենք ունենք մէկ այլ կարգաւորում, որով մեր հայրենակիցները հնարաւորութիւն ունեն արտասահմանում ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններում քաղաքացիութեան համար դիմում ներկայացնելու: Այս դէպքում նրանց համար այս նոր կարգաւորումը կարող է խոչընդոտ դառնալ»:
«Ծնելիութեան նպաստումն ու հայրենադարձութեան խթանումը ժողովրդագրական խնդիրը լուծելու կարեւոր միջոցներ են, ցանկացած նախագիծ պէտք է բխի դրանից եւ նպաստի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու գործընթացին ու հայրենադարձութեանը»,-ընդգծած է Սփիւռքի գործերով յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչը: