Քառասունչորսօրեայ Պատերազմը բեկումնային իմաստով անդրադարձ ունեցա՞ծ է Սփիւռքի մէջ «հայրենիք»ի հասկացողութեան ընկալման վրայ: Պէտք է սպասել 2021-ի և 2022-ի հարցախոյզներու արդիւնքներու հրապարակման և «հայրենիք»ի մասին համապատասխան բաժնի հարցումներու պատասխաններուն:
Ցարդ, սակայն, սփիւռքեան իրականութիւնը կը բացայայտէ «հայրինիքներ»ու ընկալման առկայութիւն մը, որ կարելի է հասկնալ նաև որպէս ամբողջ կարողականութիւն՝ Պորխէսեան «հայրենիքը բոլորս ենք» դրոյթը տեսական թէ գործնական իմաստով օրակարգի վերածելու: Ամբողջ մարտահրաւէր մը Սփիւռքեան մտածողութեան ընդհատուած գործընթացը վերակենդանացնելու և տեղափոխելու քսանմէկերորդ դար:
Միշտ նամռութ հայրենիք,
ի՞նչ չեմ տվել քեզ,
որ առնել ես փորձում: (Յուսիկ Արա, «Իմ երկիրն է սա»)
Արժանթինցի քաղաքագէտ և հրապարակագիր Ֆապիան Պոսօէր (Fabián Bosoer), Գլարին (Clarín) օրաթերթի Յունիս 10, 2022-ի իր «Հայրենիքներուն, Մալվինեաններուն և դրօշակին մասին, Պորխէսէն Սերրաթ» (“Sobre las patrias, Malvinas y la bandera, de Borges a Serrat”) շաբաթական սիւնակին մէջ լուսարձակի տակ կ’առնէ «հայրենիք» յղացքը, հարց կու տայ թէ ի՞նչ կը նշանակէ, ո՞ւր կը գտնուի, և կը յուշէ Խորխէ Պորխէսը (Jorge Borges)՝ «ոչ ոք հայրենիքն է, հայրենիքը բոլորս ենք»: Զանգուածի, իմա՛՝ «ժողովուրդ»ի կամ «ժողովրդային»ի, հետ ամէն առընչութենէ խուսափող այլև խրտչող Պորխէսի նման տիեզերական գրողի այս բազմիմաստ ու անխուսափելիօրէն մեկնաբանութեանց հրաւիրող տողը պատահականօրէն չէ նշուած Պոսօէրի կողմէ: Սիւնակը գրուած է Մալվինեան կղզիներու համար պատերազմի աւարտի քառասունամեակի առիթով – Յունիս 14, 1982-ին արժանթինեան կողմը ընդունեց իր պարտութիւնը:
Պարտութիւնը, կը գրէ Պոսօէր, արագացուց զինուորական բռնատիրութեան անկումը, և մէկ տարի յետոյ, 1983-ին, վերածնաւ «հայրենիքի տարբեր հասկացողութիւն մը որ կը սկսէր ազատութեանց և ժողովրդավարութեան վերահաստատումով:» Այս իմաստով, ուրեմն, Պորխէսեան «բոլորս»-ը պիտի հասկնալ յղացքին ներհակ ազգային հաւաքականութեան մը կողմէ «հայրենիք»ի սահմանման գործընթացի մասնակցութեան և անոր տէր կանգնելու յանձնառութեան: Մալվինեան կղզիներու վերատիրացումը պատերազմի ճամբով բացառուած է 1994-ին բարեփոխուած Սահմանադրութեամբ: Աւելի՛ն, ժողովրդավարութեան վերահաստատումով, միջազգային օրէնքի յարգանքն ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը Արժանթինի արտաքին քաղաքականութեան մնայուն յատկանիշներու վերածուած են և համաշխարհային մասշտապով երկրին տուած են իւրայատուկ ինքնութիւն: Խաղաղութեան և օրէնքի իրաւունքի գերակայութեան հաստատ յանձնառութիւնը սակայն պատճառ չէ հանդիսացած որ Արժանթին հրաժարի Մալվինեան կղզիներէն: Ընդհակառակը, պարտութենէն քառասուն տարի անց, արժանթինեան դիւանագիտութիւնը ակտիւացած է ամէն ուղղութիւններով, ի մասնաւորի ի մտի ունենալով Հարաւային Ատլանտեանի հետզհետէ աճող աշխարհաքաղաքական կարևորութիւնը:
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն և պարտութենէն յետոյ «հայրենիք»ի վերասահմանումը անխուսափելիօրէն օրակարգի դրուած է նաև Հայաստանի ու հայութեան պարագային: Առանձին թեմա մը որ առանձին քննարկման արժանի է: Անկախ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի ստեղծած յատուկ իրավիճակէն, «հայրենիք»ի սահմանումը ինքնին բարդ է Սփիւռքեան գոյավիճակին համար: Ցեղասպանութեան և Հայաստանի խորհրդայնացման յաջորդած Սփիւռքացման, այսինքն՝ Սփիւռքեան ինքնութեան կազմաւորման, առաջին տասնամեակներուն, «հայրենիք»ի սահմանումը խնդրայարոյց չէր: Լաւագոյն ապացոյցը 1946-1948 ներգաղթն է, փորձառութիւն մը որուն դրական հետևանքը պիտի չանտեսել, սակայն կասկած չկայ որ այն եղաւ ողբերգութիւն մը կրկնակի իմաստով՝ ստալինեան հալածանքներու զոհ գացած ներգաղթողներու ճակատագրին եւ առաջին պատեհ առիթով հայրենախոյս ըլլալու որոշումը առածներուն: Հայրենիքէն խոյս տուած ներգաղթողներուն ոևէ մէկը հարցուցա՞ծ է թէ ինչ էր հայրենիքը իրենց համար…
Առաջին հայեացքով թերևս գայթակղեցուցիչ թուող այս հարցումին միտք ի բանին թերեւս փնտռենք Գաթալան բանաստեղծ երգիչ Ժօան Մանուէլ Սերրաթի (Joan Manuel Serrat) «հայրենիք»ի հասկացողութեան մէկ բանաձևման, որ Պոսօէր կը մէջբերէ իր սիւնակին մէջ: «Հայրենիքը ոմանց համար», կ’ըսէ Սերրաթ անցեալ Մայիս 27-ին Գոսթա Րիգայի Համալսարանին կողմէ իրեն տրուած Պատուոյ Տոքթորայի տիտղոսի ստացման արարողութեան արտասած իր խօսքին մէջ, «հողատարածքն է, ոմանց համար լեզուն, մանկութիւնը, կամ բերանը դնելու պատառ մը… և ուրիշներու համար՝ գրպանը լեցնելու միջոց»: Ներգաղթողներէն ու ապա հայրենախոյս ըլլալու որոշումը առնողներէն յետոյ, «հայրենիք» հասկացողութեան Սերրաթի այս բանաձևումը արդե՞օք չի յիշեցներ Արցախեան շարժման, ազատագրական պայքարի և անկախութենէն յետոյ տնտեսական անցումի արդիւնք սոցիալական անարդարութեան պայմաններուն մէջ «հայրենիք»ի հասկացողութիւնը սահմանողներու «բոլորը»…
1930-ականներէն սկսած համայնքային կառոյցներով արդէն հաստատագրուող Սփիւռքեան ինքնաճանաչման յարացոյցը որպէս «աքսորեալ ազգ» որու գոյապայքարը տեսական և գործնականօէն սահմանուեցաւ որպէս հայապահպանում ընդդէմ «նահանջ»ին, «ճերմակ ջարդ»ին, «ձուլում»ին, «հայրենիք»ը սահմանեց որպէս հայրենադարձութեան վայրը, ազգի փրկութեան գերագոյն հանգրուանը՝ Հայաստան, անկախ թէ այն բնորոշուէր որպէս «Խորհրդային» թէ «Ազատ, Անկախ ու Միացեալ»: Սահմանում մըն էր որ հայրենադարձութեան նման շատ աւելի իտէալական ծրագիր եղաւ քան գործընթաց, ի մասնաւորի ներգաղթի փորձառութիւն/փորձանքէն յետոյ: Փաստօրէն, 1970-ականներուն խորհրդային մասշտապով զարգացման և լաւ ապրելու վառ օրինակ Խորհրդային Հայաստան հաստատուիլը այլընտրանք չէր ոչ իսկ այսպէս կոչուած «հայաստանասէր»ներուն, տարբեր երկիրներու մէջ Համայնավար կուսակցութեանց անդամակցած հայերուն, ինքնայորջորջ «յառաջդիմական»ներուն կամ նոյնիսկ 1960-70-ականներուն Խորհրդային Հայաստան իրենց բարձրագոյն ուսումը ստացածներուն համար: Ընդհակառակը, Սփիւռքի աշխարհագրական արեւմտականացումը, այսինքն՝ Միջին Արեւելքի համայնքներու արտահոսքը դէպի Եւրոպա և Հիւսիսային Ամերիկա, ընդգրկեց բոլոր հատուածները ներառեալ անոնք որոնք սովետի ամենաթունդ պաշտպաններն էին:
Այդուհանդերձ, նոյն այդ թուականներուն ձևաւորուող Սփիւռքեան մտածողութիւնը, որ նախաձեռնութիւնը եղաւ Մայիս 68-ի սերունդին (այսպէս կոչենք այն սերունդը որ ականջալուր, եթէ ոչ ակտիւօրէն մասնակից, եղաւ համաշխարհային մասշտապով ազատագրական մտայնութեան իրողական թէ մշակութային փոփոխութեան), «հայրենիք»ի հասկացողութիւնը չժխտեց, չմերժեց, չվանեց և մինչև իսկ պահեց անոր «կեդրոնականութիւնը» հաւաքական ինքնութեան վերասահմանման այդ ճիգին մէջ: «Հայրենիք» հասկացողութիւնը իր տեղը ունեցաւ «աքսորեալ ազգ»ի հասկացողութենէն դէպի «անդրազգային», ժամանակէն առաջ թերևս «գլոբալ», անցում կատարող Սփիւռքի ինքնաճանաչման.
«Ծնիլ մը կայ որ կամուրջի թև կը նետէ որ գրկէ
ապագայի դեռ ամայի ափունքները մեր ազգին,
սերունդները որ պիտի գան հին աւիշով բեռնաւոր
տաղանդ ու կիրք պիտի խառնեն ուր որ ապրին ու տևեն
մինչև հասնի հայրենիք վերադարձի վայրկեանը:» (Վահէ Օշական, «Ինքնութիւն»)
«Հայրենիք»ի վերասահմանման այդ սերունդին փորձը կէս մնաց: Սփիւռքեան մտածողութիւնը տեղի տուաւ «դէպի երկիր» հրամայականին, որ այն ժամանակ այնքան «բնական» կը թուէր, և Սփիւռքի օրակարգը լուծարուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք հանդիպումներու, քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութեան, Սփիւռքի Նախարարութիւն ստեղծելու ապա գրիչի մէկ խծբծանքով լուծարելու… մէկ խօսքով՝ հայաստանեան քաղաքական վերնախաւի զբաղմունքային առօրեային մէջ: Դժբախտաբար, կամայ թէ ակամայ, Սփիւռքի դասական կազմակերպութիւններն ալ ներքաշուեցան հոն, և անտեսեցին քսանմէկերորդ դարուն արդէն փոխուած համահայկական իրականութիւն մը, որուն համար անհրաժեշտ էր ուրոյն օրակարգ: Ինչ կը վերաբերի«հայրենիք» հասկացողութեան, հանրային հռետորաբանութեան մէջ «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք» յղացքի յաճախակի գործածումը կարծես կը յուշէր ազգայնականութեան, և հետևաբար «հայրենիք»ի, հասկացողութիւն մը: Այդ մէկը գործնականօրէն հազիւ թէ պետական քաղաքականութեան համ հաւաքական հայեցակարգային յանձնառութեան վերածուեցաւ: Եւ թերևս շատ դժուար էր նման բան երբ Արցախի առաջին պատերազմէն և յաղթանակէն յետոյ զինադադարի սթաթուս քուօ-ի պահպանումը վերաճած էր պետական քաղաքականութեան:
Սփիւռքի ինքնաճանաչման առաջին առարկայական ու իր տեսակով աննախընթաց նախաձեռնութիւնը Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը եղաւ: Առաջին փորձառական հարցախոյզին (2018) յաջորդեց 2019-ին Մոնթրէալի, Լիբանանի, Ռումանիոյ և Արժանթինի մէջ նախաձեռնուածը, որուն հարցումներէն մէկը կը վերաբերէր Սփիւռքի մէջ «հայրենիք»ի հասկացողութեան: Արդիւնքով, այդ չորս երկիրներու մէջ համայնքային հանրային կարծիքի 57 տոկոսին համար «հայրենիք» հասկացողութիւնը կը համապատասխանէ իր ծննդավայրին աւելի քան Հայաստանին, առանց որ այս մէկը միանշանակ ըլլայ: Այսինքն՝ յղացքը տեղի կու տայ նաև «խառն զգացումներու» երբ հարկ ըլլայ անոր սահմանում մը տալ: Այդ մէկը, սակայն, չի՛ նշանակեր բնաւ որ Հայաստանը կը բացառուի որպէս «հայրենիք» երբ կարգը կու գայ կապի, այցելութիւններու, օժանդակութեան կամ հոն հաստատուելու ծրագրին, ինչպէս հարցախոյզի համապասխան բաժնի (5. «Հայրենի երկիր Սփիւռք, Հայաստան հայրենիք») միւս հարցումներու արդիւնքը կը թելադրէ:
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմը բեկումնային իմաստով անդրադարձ ունեցա՞ծ է Սփիւռքի մէջ «հայրենիք»ի հասկացողութեան ընկալման վրայ: Պէտք է սպասել 2021-ի և 2022-ի հարցախոյզներու արդիւնքներու հրապարակման և «հայրենիք»ի մասին համապատասխան բաժնի հարցումներու պատասխաններուն:
Ցարդ, սակայն, սփիւռքեան իրականութիւնը կը բացայայտէ «հայրինիքներ»ու ընկալման առկայութիւն մը, որ կարելի է հասկնալ նաև որպէս ամբողջ կարողականութիւն՝ Պորխէսեան «հայրենիքը բոլորս ենք» դրոյթը տեսական թէ գործնական իմաստով օրակարգի վերածելու: Ամբողջ մարտահրաւէր մը Սփիւռքեան մտածողութեան ընդհատուած գործընթացը վերակենդանացնելու և տեղափոխելու քսանմէկերորդ դար:
Խ. Տէր Ղուկասեան