image
Հրատապ լուրեր:

Եթէ անձրեւ չգայ, ջուրի պաշարները պիտի սպառին, եւ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք տարհանել Թեհրանը. Փեզեշքիան

Եթէ անձրեւ չգայ, ջուրի պաշարները պիտի սպառին, եւ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք տարհանել Թեհրանը. Փեզեշքիան

Փեզեշքիանը զգուշացուցած է Թեհրանի հնարաւոր տարհանման մասին, եթէ երկարատեւ երաշտի պատճառով առաջացած ջրային ճգնաժամը աւելի վատանայ։

Փեզեշքիանն այս յայտարարութիւնն ըրած է երկրի արեւմուտքը գտնուող Սանանտաճ քաղաք կատարած աշխատանքային այցի ժամանակ, հաղորդած է Anadolu-ն:

«Իրանը կը բախի բնական մարտահրաւէրներու, ինչպիսիք են տեղումներու պակասը եւ ջրային միջոցներու սպառումը, որոնք յղի են լուրջ հետեւանքներով։ Եթէ մօտ ապագային անձրեւ չգայ, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք Թեհրանի մէջ ջուրի խիստ սահմանափակումներ սահմանել յաջորդ ամսուընէ սկսեալ։ Իսկ եթէ ընդհանրապէս անձրեւ չգայ, պաշարները պիտի սպառին, եւ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք տարհանել քաղաքը», -յայտարարած է Իրանի նախագահը։

Թեհրանին ջուր կը մատակարարուի հինգ խոշոր ջրամբարներէ՝ Լար, Մամլու, Էմիր Քեպիր, Թալիկան եւ Լաթիան, որոնցմէ ամենամեծը Էմիր Քեպիրի ամբարտակն է։

Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին երկրին մէջ տեղումներու կայուն նուազում նկատուած է։ Օդերեւութաբանական տուեալներու համաձայն՝ այս տարի Թեհրանի մէջ տեղումներու քանակը 40%-ով պակաս եղած է, քան եղանակային միջին ցուցանիշը։ Գարնան եւ ամռան անձրեւներու գրեթէ լիակատար բացակայութիւնը յանգեցուցած է ջրամբարներու ջուրի մակարդակի աղէտալի նուազման։