image

Սպասենք Մոսկուայի պաշտօնական արձագանգին. Կոստանեան՝ Հակարի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած միջադէպին մասին

Սպասենք Մոսկուայի պաշտօնական արձագանգին. Կոստանեան՝ Հակարի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած միջադէպին մասին

Հակարիի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած միջադէպը կը քննուի։ Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց  փոխնախարար Վահան Կոստանեանը։

Ան մանրամասնած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր դիրքորոշումներն ու մտահոգութիւնները ներկայացուցած է խնդրի վերաբերեալ, կը սպասեն պաշտօնական արձագանգներու։

Հարցին, թէ ինչո՞ւ  արագացուած ընթացակարգով Սիւնիքի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան հիւպատոսութիւն բացուած է՝  փոխնախարարը պատասխանած է.

«Ընթացակարգերը պահպանուելու են։ Մենք ողջունում ենք մեր միջազգային գործընկերների հետաքրքրութիւնն ու ցանկութիւնը Սիւնիքում ունենալ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն՝ տեղում իրավիճակին աւելի լաւ ծանօթանալու համար։ Հիւպատոսութիւնը այլ գործառոյթներ էլ ունի, բացի իր բնակիչներին սպասարկելուց»,-ըսած է Կոստանեանը։

Յիշեցնենք, որ երկու օր առաջ լրատուամիջոցներով տեսանիւթ տարածուեցաւ, թէ ինչպէս Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանը ներս կը մտնէ Արտաքին գործոց  նախարարութեան շէնք, սակայն հանդիպման մասին մանրամասներ չեն յայտնուած: