image

Սպանիոյ Մերիտա քաղաքը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Մերիտա քաղաքը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

9 յունիսին Սպանիոյ Մերիտա քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուած բոլոր չորս քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած են հայկական «Արարատ» միութեան միջնորդագիրին: Որդեգրուած յայտարարութիւնը 1915-23 թուականներու իրադարձութիւնները կ՛որակէ իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: