Լիբանանցի եւ արտասահմանաբնակ մարոնիները անընդհատ կ՛այցելեն Աննայայի վանք եւ կը հաւատան թէ Սուրբ Շարպէլը կ՛ընդառաջէ իրենց խնդրանքներուն ու հիւանդութիւններ կը բժշկէ։ Երբ 10 տարի առաջ, ես ալ քաղցկեղէ տառապեցայ, մարոնի դրացիներս ինծի ալ առաջարկեցին երթալ Աննայա ու դիմել Սուրբ Շարպէլին։
Սուրբ Շարպէլի հանդէպ ակնածանքը սկսած է կամաց-կամաց թափանցել լիբանանահայերու մէջ։ Պուրճ Համուտի գերեզմանատուն, ուր նաեւ մեր ընտանիքին դամբարանն է, վերջին տարիներուն կատարած այցելութիւններուս ժամանակ, նկատած եմ որ մի քանի ընտանիքներ իրենց սիրեցեալ ննջեցեալներու շիրիմներուն վրայ տեղադրած են նաեւ Սուրբ Շարպէլի արձաններ։
Ամերիկահայ պատմաբան եւ ակադեմական գործիչ՝ Դոկտ. Արա Սանճեան կը գրէ ՝
Այս օրերուն Հայաստանի զանգուածային լրատուական միջոցներուն ուշադրութեան առարկայ է լիբանանցի գործարարի ծրագիրը՝ Նայիրի համայնքին մէջ տեղադրելու 19-րդ դարուն Լիբանանի մէջ ապրած եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ 1977-ին սրբացուած Շարպէլ Մախլուֆի արձանը։
Յիշեցի, որ երբ 1977-ի Հոկտեմբերին Շարպէլը սրբադասուեցաւ Հռոմի մէջ, Գարեգին Սարգիսեանը նոր ընտրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ անունով։ Ան լիբանանահայ թերթերուն մէջ Շարպէլի սրբացման առթիւ հրատարակեց յօդուածաշար մը՝ «Սրբութեան ցօղը լիբանանեան հողին վրայ» խորագրով, որ շուտով լոյս տեսաւ նաեւ առանձին պրոշիւրի տեսքով ու երկար տարիներ կը վաճառուէր Անթիլիասի կաթողիկոսարանի գրախանութին մէջ։
Միաժամանակ, Անթիլիասի Խորէն Ա եւ Գարեգին Բ կաթողիկոսները Հռոմի մէջ սրբադասման արարողութենէն ընդամէնը մի քանի օր առաջ ուխտագնացութիւն մը կատարեցին դէպի Աննայայի վանքը, ուր ճգնած է Սուրբ Շարպէլ եւ որ այսօր քրիստոնեայ մարոնի եկեղեցւոյ գլխաւոր ուխտավայրերէն է։ Վեհափառները հայկական ծէսով ժամերգութիւն կատարեցին Աննայայի մէջ եւ Գարեգին Աթոռակից Կաթողիկոս այդ օր ֆրանսերէն ճառ մըն ալ կարդաց, որու հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է լիբանանահայ մամուլին մէջ՝ «Սուրբերը պէտք չունին մեզի, մենք պէտք ունինք սուրբերու...» խորագրին տակ։
Լիբանանցի եւ արտասահմանաբնակ մարոնիները անընդհատ կ՛այցելեն Աննայայի վանք եւ կը հաւատան թէ Սուրբ Շարպէլը կ՛ընդառաջէ իրենց խնդրանքներուն ու հիւանդութիւններ կը բժշկէ։ Երբ 10 տարի առաջ, ես ալ քաղցկեղէ տառապեցայ, մարոնի դրացիներս ինծի ալ առաջարկեցին երթալ Աննայա ու դիմել Սուրբ Շարպէլին։
Սուրբ Շարպէլի հանդէպ ակնածանքը սկսած է կամաց-կամաց թափանցել լիբանանահայերու մէջ։ Պուրճ Համուտի գերեզմանատուն, ուր նաեւ մեր ընտանիքին դամբարանն է, վերջին տարիներուն կատարած այցելութիւններուս ժամանակ, նկատած եմ որ մի քանի ընտանիքներ իրենց սիրեցեալ ննջեցեալներու շիրիմներուն վրայ տեղադրած են նաեւ Սուրբ Շարպէլի արձաններ։
Աննայայի վանքի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Սուրբ Շարպէլի արձանին հեղինակն է Զաւէն Խտըշեանը։