image

Իրլանտան, Նորվեկիան եւ Սպանիան պաշտօնապէս ճանչցած են Պաղեստին պետութիւնը. Իսրայէլն իր դեսպանները շտապ ետ կանչած է

Իրլանտան, Նորվեկիան եւ Սպանիան պաշտօնապէս ճանչցած են Պաղեստին պետութիւնը. Իսրայէլն իր դեսպանները շտապ ետ կանչած է

Իրլանտան, Նորվեկիան եւ Սպանիան պաշտօնապէս ճանչցած են Պաղեստինը որպէս առանձին պետութիւն՝ ստիպելով Իսրայէլին ետ կանչել իր դեսպանները Իրլանդայէն եւ Նորվեկիայէն։

Չորեքշաբթի ելոյթ ունենալով՝ Իրլանտայի վարչապետ Սայմըն Հարիսն ըսած է. «Այսօր Իրլանտան, Նորվեկիան եւ Սպանիան կը յայտարարեն, որ կը ճանչնան Պաղեստին պետութիւնը, մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի ձեռնարկէ այն ազգային քայլերը, որոնք անհրաժեշտ պիտի ըլլան այդ որոշումն ուժի մէջ մտցնելու համար։ Վստահ եմ, որ այլ երկիրներ եւս պիտի միանան մեզի՝ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին կատարելով այս կարեւոր քայլը»:

Իրլանտայի կառավարութիւնը պնդած է, որ երկու պետութեան ստեղծմամբ լուծումն էական նշանակութիւն ունի Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար, որ հոկտեմբերէն կը գտնուի «Համաս»-Իսրայէլ բախման կիզակէտին:

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսը խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ մայիս 28-ին պիտի ճանչնայ Պաղեստին պետութիւնը։ 

«Յաջորդ երեքշաբթի՝ մայիս 28-ին, Սպանիան Նախարարներու խորհուրդին մէջ պիտի հաստատէ Պաղեստին պետութեան ճանաչումը»,-ըսած է Սանչեսը։

Նշենք, որ 22 մայիսին Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կար Սթեորէն յայտարարած էր, որ իր երկիրը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Պաղեստինը որպէս պետութիւն։ 

«Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնն անհնար է, քանի դեռ չկայ ճանաչում», -ըսած է ան՝ մանրամասնելով, որ սքանտինաւեան երկրի որոշումն ուժի մէջ պիտի մտնէ երեքշաբթի՝ մայիս 28-ին։

«Ահաբեկչութիւն իրականացուցած են «Համաս»-ը եւ զինեալ խմբաւորումները, որոնք չեն աջակցիր երկու պետութեան ստեղծման: Պաղեստինը անկախ պետութեան հիմնարար իրաւունք ունի», -ըսած է Նորվեկիոյ կառավարութեան ղեկավարը։

Այս յայտարարութիւններու լոյսին տակ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը դեսպաններուն հրամայած է Իրլանտայէն եւ Նորվեկիայէն անյապաղ վերադառնալ Իսրայէլ։

Արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կացը X-ի էջին հրապարակուած գրառման մէջ ըսած է, որ ճանաչումը կրնայ խոչընդոտել Կազայի մէջ պահուող իսրայէլցի պատանդներուն վերադարձնելու ջանքերուն եւ աւելի քիչ հաւանական կը դարձնէ հրադադարը՝ «պարգեւատրելով «Համաս»-ը եւ Իրանի ճիհատիստները»:

«Իսրայէլը պիտի չլռէ անոնց դէմ, որոնք կը խաթարեն անոր ինքնիշխանութիւնը եւ վտանգի տակ կը դնեն անոր անվտանգութիւնը»,- աւելցուցած է ան։