image

Լոս Անճըլըս. Սրբազան հօր այցը՝ «Վէնթուրա Քաունթի»

  Լոս Անճըլըս. Սրբազան հօր այցը՝ «Վէնթուրա Քաունթի»

 Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի  Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան օրերս հովուական այց մը տուած է «Վէնթուրա Քաունթի» շրջան։

 Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

 

Սոյն թուականի Օգոստոս 25-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Ventura County նիրակազմ համայնքի տարեկան դաշտահանդէսին ուր նաեւ Վերափոխման Տօնին առիթով նախագահեց խաղօղօրհնէքի արարողութեան: Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օգնական հովիւ՝ Արժապատիւ Գեւորք Քհնյ. Աբեանի եւ ծխական խորհուրդի անդամներուն կողմէ:

Իր սրտի խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նախ բարձր գնահատեց Տէր Գէորգ Քհնյ. Աբեանի նուիրեալ ծառայութիւնը, որ եկեղեցւոյ ու մեր հայկական արժէքներուն շուրջ կը համախմբէ համայնքի զաւակները եւ երիտասարդները: Բարձրաշնորհ Սրբազանը այս առթիւ գնահատեց մեծ թիւով ընտանիքներու եւ մանաւանդ պատանիներու ու երիտասարդներու մասնակցութիւնն ու անոնց ներգրաւումը համայնքային կեանքին, որ շօշափելի արտայայտութիւնն է Արեւմտեան Թեմի ողջ տարածքին տարուող հովուական, ծխական, երիտասարդական, շինարարական ու կրթական բազմաթիւ ծրագիրներուն, որոնք առողջ եւ կենսունակ կը պահեն համայնքներու կեանքը եւ կ՛երաշխաւորեն անոնց հզօրացումը: