image

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը փոխ զիջումի նիւթ չ՛ի կրնար ըլլալ». Շեշտեց Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը փոխ զիջումի նիւթ չ՛ի կրնար ըլլալ». Շեշտեց  Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժա  քաղաքին մէջ տեղի ունեցած   Ապրիլեան    միջոցառումներու շարքին  մէջ  օրերս   նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանին մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ  Պատարագ։

  Պատարագի ընթացքին    օրուան խորհուրդը  պարփակող      սրտառուչ պատգամով մը հանդէս եկած  Գերշ.  Տ. Մեսրոպ  արք.  նկատել տուած է, թէ ինչ  ալ ըլլան   պայմանները  ««Հայոց Ցեղասպանութիւնը փոխ զիջումի նիւթ չ՛ի կրնար ըլլալ»։

Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ թեմի Առաջնորդական դիւանէն  եւ ստորեւ կը ներկայացնենք  այդ մասին  ամփոփ լրատւութիւնը։

Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի, Կիրակի 28 Ապրիլ 2024-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ կատարուեցաւ Բարեխօսութեան կարգը։

Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ան իր պատգամին մէջ հիմնական օրէն անդրադարձաւ 100 ամեակէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան աշխատանքներուն կարեւորութեան, հայ ժողովուրդին դէմ անպատիժ մնացած ցեղասպանին կողմէ շարունակուող ցեղասպանութեան, եւ Հայաստանի ու սփիւռքի արդար դատի եւ ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն չզիջելու կարեւորութեան մասին ըսելով՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անուրանալի իրականութիւնն է, անոնք որոնք կը փորձէն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը փոխ զիջման նիւթի վերածել, մեր նահատակներուն անէծքին պիտի արժանանան: Հետեւաբար պատմական այս իրողութեան դիմաց պահանջատիրութեան պայքարի շարունակականութեան հրամայականը սպասելի է մեր ժողովուրդին կողմէ»:

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Սրբազան հայրը, Հ.Հ. Դեսպանը, Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոսը, Ազգային Իշխանութիւնը եւ ներկայ հաւատացեալները իրենց յարգանքը մատուցեցին սրբադասուած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, ծաղկեպսակներ զետեղելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած Յուշակոթողին դիմաց:

Ս. պատարագին ներկայ էր Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Մեծարգոյ Պրն. Կարէն Գրիգորեան, Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Տիար Արտակ Յովհաննէսեան եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները: