Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի յայտարարած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ը կը համարէ կարմիր գիծ եւ կոշտ պատասխան կու տայ անոր հետ կապուած ցանկացած փոփոխութեան: Այս մասին գրած է Mehr գործակալութիւնը:
Մեկնաբանելով Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման ժամանակ Ռուսիոյ հնչեցուցած դիրքորոշումը «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ՝ Ազիզի յայտարարած է, որ այդ հարցի շուրջ աշխարհաքաղաքական զարգացումները չեն բխիր տարածաշրջանի երկիրներու շահերէն, եւ որ Իրան եւս կտրականապէս դէմ է անոնց:
Ազիզի «Զանգեզուրի միջանցք»ը կեղծ միջանցք որակած է՝ նշելով, որ այդ անուան տակ տարածաշրջանին մէջ Իրանի ռազմական եւ քաղաքական հզօրութիւնը թուլցնելու ուղղուած նախագիծեր կան:
«Մենք կը նախազգուշացնենք անոնց, որոնք նման պատրանքներ ունին, որ նման որոշումներու հետեւանքները ծանր եւ թանկ կ'ըլլան իրենց համար»,- ըսած է Ազիզի՝ աւելցնելով, որ Իրան չի ձգտիր տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու, սակայն երկրի տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգի պարագային կը պաշտպանէ ինքզինք:
Ան շեշտած է, որ Իրան ուշադիր կը հետեւի Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններու զարգացման, եւ ընդգծած, որ «Զանգեզուրի միջանցքը» կարմիր գիծ է Իրանի համար եւ այդ առումով ցանկացած փոփոխութիւն վճռական պատասխան կը ստանայ Իրանի կողմէ։