image

Գերմանիան միշտ Ուքրանիոյ կողքին

Գերմանիան միշտ Ուքրանիոյ կողքին

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց Ֆրանքֆուրթի մէջ հանդիպած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։

Այս մասին Շոլց գրած է իր X-ին մէջ:

«Գերմանիան եղած է եւ կը մնայ Ուքրանիոյ ամենաուժեղ աջակիցը Եւրոպայի մէջ։

Մենք կ'աջակցինք Ուքրանիոյ այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է:

Այսօր լաւ հանդիպում էր Ֆրանքֆուրթի մէջ»,- գրած է Շոլց

Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի ժամանած է Գերմանիոյ «Ռամշթէյն»ի ձեւաչափով Ուքրանիոյ պաշտպանութեան Քոնթաքդ խումբի 24-րդ հանդիպման։