image

Պատերազմի դաշտի պայքարէն մինչեւ արտասահմանի մէջ ուսումնառութիւն.Յակոբ Ճանէցեանի յաջողութեան ճանապարհը

  Պատերազմի  դաշտի պայքարէն մինչեւ արտասահմանի մէջ ուսումնառութիւն.Յակոբ Ճանէցեանի յաջողութեան ճանապարհը

Arevelk.am-ի ընթերցող հասարակութիւնը հրաւիրուած է նեցուկ կանգնելու մեր հայրենակիցին. Անոնք, որ պատրաստ են նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել Յակոբ Ճանէցեանին կարող են անցնիլ հետեւեալ յղումով։Ապահով ենք, որ մօտիկ ապագային Յակոբ պիտի գրաւէ կարեւոր բարձունքներ ու նաեւ պիտի չմոռնայ կամ պիտի չանտեսէ բոլոր անոնց, որոնք դժուարութեան պահերուն նեցուկ հանդիսացան իրեն ու հաւատացին իր առաքելութեան։

Ուսումն ու կրթութիւնը միակ ճանապարհն է, որ կարող է հայ ժողովուրդը տանիլ դէպի զարգացում, առաջընթաց ու յաղթանակ։

Յակոբ Ճանէցեանի պատմութիւնն է, ուր անդրադարձ կայ իր ծնողներուն՝ Տօքթ.  Ռաֆֆի  եւ Տիկ. Ճանէցեաններու հայրենադարձութեան, իր ուսումնառութեան, Արցախեան վերջին պատերազմի մասնակցութեան, Պոսթընի համալսարան ընդունուելու եւ յետագայ ծրագիրներու մասին։

 

 Յակոբ Ճանէցեան ծնած է Երեւան, սուրիահայ, հայրենադարձ ընտանիքի մը յարկին տակ: Մանկութեան տարիները ձեւաւորուած են հայրենասիրական պատմութիւններով եւ կրթութեան հանդէպ մեծ հաւատքով: Ծնողքը՝ ուսման նպատակով, Հալէպէն տեղափոխուած էր 1990 թուականին: Դժուարին պայմաններու մէջ ապրած ըլլալով հանդերձ՝ կրցած էին իրենց զաւկին մէջ սերմանել աշխատանքի սէր, համայնքային ծառայութիւն եւ հայրենիքին բարօրութեան նպաստելու կարեւորութեան արժէքներ:

 Ընտանիքին մէջ ուսումը առաջնահերթութիւն էր եւ ուսումի վրայ այս կեդրոնացումը ուղղած էր Յակոբը «ԱՅԲ» դպրոց, որ նշանաւոր է STEM կրթութեան ոլորտին մէջ իր գերազանցութեամբ: Այստեղ ան կեդրոնացած էր ծրագրաւորման, բնագիտութեան, ուսողութեան եւ վիճակագրութեան դասերուն մէջ՝ հիմքը դնելով ապագայ իր ակադեմական ուսման: Բաւական խիստ եւ կանոնաւոր ուսումնական ծրագիրը առաջնորդած էր իր քայլերը Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան (ՀԱՀ), որ յետագային պիտի պատրաստէր զինք ամենատարբեր մարտահրաւէրներու։

 

Յակոբի ուսումնական ճամբորդութիւնը կիսատ կը մնար Արցախեան պատերազմի ժամանակ՝ իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի զինուորական ծառայութեան պատճառով։ Ան կը յիշէ ցուրտ, անողոք անձրեւի տակ անցուցած պատերազմական օրերը, շրջապատուած ցեխով եւ պատերազմի բռնկումներու խուլ արձագանքներով՝ ունենալով խորհրդային ժամանակաշրջանէն հինցած զենիթահրթիռային համակարգ, սիրտը կը տրոփէր «յառաջադէմ» թշնամիին անօդաչու թռչող սարքերուն մշտական սպառնալիքներէն եւ այս քաոսային պայմաններուն մէջ սակայն, յոյսը բնաւ չէր կորսնցներ պատկերացնելու Հայաստանի պայծառ ապագան: 

 Քաղաքի կեանքին վերադառնալ եւ ուսումը վերսկսիլ դժուար կը թուէր, բայց իր վճռակամութիւնը աւելի ուժեղ էր՝ պատերազմի սարսափներէն ետք։ Յակոբ կը զգայ որ իր ներուժը վերագտնելու միակ ճանապարհը ուսումն է, ուստի ամբողջութեամբ կը նուիրուի իր ուսումնասիրութիւններուն, եւ ապա կ’ընտրուի Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին կողմէ Մասաչուսէթսի Worcester Polytechnic Institute-ի (WPI) փոխանակման ծրագրին համար, որմէ ետք ալ իր մօտ կ’արմատանայ Պոսթընի համալսարանին մէջ ուսումը շարունակելու երազանքը: 

Պոսթընի համալսարանի տուեալներու գիտութեան մագիստրոսական ծրագրին ընդունուիլ, զուգորդուած արժանի կրթաթոշակի հետ, նշանակալի ձեռքբերում էր իր ակադեմական ճանապարհորդութեան մէջ: Այս կը ներկայացնէր ոչ միայն անձնական յաջողութիւնը, այլ աւելի լայն տեսլականի իրականացում` ուսում ի շահ համայնքին, պատկերացնելով ապագայ մը, ուր կարող պիտի ըլլար օգտագործել իր ստացած գիտելիքները հայրենիքի զարգացման համար։ Այսօր այս երազանքը սակայն ունի իր նիւթական մարտահրաւէրները: Յակոբի պատմութիւնը պատերազմի խրամատներէն դէպի ակադեմական յաջողութիւն գերազանցութեան ձգտում է, իր դերը որպէս ուսանող, ապագայ մասնագէտ եւ համաշխարհային հայ համայնքի անդամ եւ այս առումով ալ հարկ է յաջողութիւն մաղթել Յակոբ Ճանէցեանին իր նպատակներուն հասնելու բարեմաղթութիւններով:

Arevelk.am ի ընթերցող հասարակութիւնը հրաւիրուած է նեցուկ կանգնելու մեր հայրենակիցին. Անոնք, որ պատրաստ են նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել Յակոբ Ճանէցեանին կարող են անցնիլ հետեւեալ յղումով։

 

Ապահով ենք, որ մօտիկ ապագային Յակոբ պիտի գրաւէ կարեւոր բարձունքներ ու նաեւ պիտի չմոռնայ կամ պիտի չանտեսէ բոլոր անոնց, որոնք դժուարութեան պահերուն նեցուկ հանդիսացան իրեն ու հաւատացին իր մաքուր առաքելութեան։

 

 Ստորեւ յղումը՝

https://www.gofundme.com/f/support-a-veterans-data-science-dream-at-boston-university?lang=en_US&utm_campaign=fp_sharesheet&utm_medium=customer&utm_source=copy_link