Ռուսիա մօտ է Տոնեցքի մարզի կենսական նշանակութիւն ունեցող ուքրանական Փոքրովսք քաղաքը իր տիրապետութեան տակ առնելու: Չնայած այն հանգամանքին, որ Ուքրանիան կը յարձակի Ռուսիոյ վրայ, սակայն մէկ այլ առանցքային ճակատամարտի մէջ կը պարտուի, գրած է բրիտանական The Economist պարբերականը։
59 հազար բնակչութիւն ունեցող Փոքրովսքը պատերազմի սկիզբէն ի վեր գործնականին յայտնուած է առաջնագիծին վրայ, յայտնած է Unian-ը։ Բայց միայն վերջին մէկ ամսուան ընթացքին անոր ապագան լուրջ վտանգուած է:
Ռուսիա Փոքրովսք գրաւելը կը դիտարկէ որպէս ռազմավարական նպատակ՝ յարձակում սկսելով Տնեփրի եւ Զապորոժիէի խոշոր քաղաքներուն վրայ: Ուքրանիոյ մեծ յոյսն այն էր, որ Քուրսքի վրայ անսպասելի յարձակումը կը մեղմացնէ ճնշումը: Սակայն Ռուսիոյ առաջխաղացումն արագացաւ։