image
Հրատապ լուրեր:

Սպանիան եւ Նորվեկիան ճանչցած են Պաղեստինը որպէս անկախ պետութիւն

Սպանիան եւ Նորվեկիան ճանչցած են Պաղեստինը որպէս անկախ պետութիւն

Սպանիան եւ Նորվեկիան ճանչցած են Պաղեստինը որպէս անկախ պետութիւն. համապատասխան որոշումներն ուժի մէջ մտած են մայիս 28-էն։

Աւելի վաղ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսփէն Պարթ Էյտըն Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ ճանաչումը հաստատող փաստաթուղթը յանձնած է Պաղեստինի ազգային վարչակազմի վարչապետ Մուհամետ Մուսթաֆային:

Էյտընի խօսքով՝ տուեալ որոշումը կրնայ աւելի մեծ ազդակ հաղորդել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղ կարգաւորման, եթէ Նորվեկիոյ օրինակին հետեւին այլ երկիրներ:

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսն ալ յայտարարած է, որ Մատրիտը կը ճանչնայ Պաղեստինի անկախ պետութիւնը 1967 թուականի սահմաններով՝ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով: Անոր խօսքով՝ որոշումը պատմական է, այն ուղղուած չէ ոչ մէկու դէմ, այդ շարքին՝ Իսրայէլի: Սանչեսը վստահեցուցած է, որ Իսրայէլը Սպանիոյ բարեկամն է, որու հետ Մատրիտը մտադիր է պահպանել լաւ յարաբերութիւնները: