Սպանիոյ մէջ ոստիկանները կալանած են ձկնորսական նաւ մը, որ 1,5 թոն քոքային կը տեղափոխէր ։
Իրավապահ մարմիններուն տուեալներով՝ 25 մեթրանոց ձկնորսական նաւը կը կրէր Պրազիլիոյ դրօշը եւ անոր անձնակազմին մէջ կային հինգ պրազիլցի եւ մէկ վենեզուելացի։ Բոլորն ալ կալանաւորուած են։
Նաւը կալանաւորուած է Գանարի կղզիներուն մօտ։ Թմրանիւթերը պահուած էին նաւի շարժիչի սենեանկին մէջ։