image

Մաարապ. ՀՅԴ Ներկայացուցիչը ներկայ գտնուած է «Լիբանանեան Ուժեր»ու մեծ հաւաքին

Մաարապ. ՀՅԴ Ներկայացուցիչը ներկայ  գտնուած է «Լիբանանեան Ուժեր»ու մեծ հաւաքին

  Պէյրութ «Արեւելք»,-Ամէն տարուայ նման այս տարի եւս   Լիբանանի  քրիստոնէական թեւի գլխաւոր  ներկայացուցիչ  հանդիսացող  «Լիբանանեան  Ուժեր» քաղաքական կուսակցութիւնը   կայացուց  իր գլխաւոր միջոցառումը,  որ խորքին  մէջ  «Ուէթ»  կուսակցութեան   Լիբանանի մէջ նահատակուածներու յիշատակի ոգեկոչման   միջոցառում-օրն է։

Այս առթիւ է նաեւ, որ     յատուկ  պատգամով մը   հանդէս եկաւ  կուսակցութեան նախագահ Տօքթ. Սամիր Ժահժահ։

 Նշենք նաեւ, որ այս տարի, ինչպէս անցնող  տարիներուն   յիշատակի հաւաքին ներկայ  գտնուած է ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի   ներկայացուցիչ՝ Ալպեր Պալապանեան, ինչպէս նաեւ    Կեդրոնական  Կոմիտէի  անդամ եւ  նախկին նախարար  Աւետիս Կիտանեան։

Ստորեւ երէկուան միջոցառման մասին   մեր  պաշտօնակից՝ «Ազդակ»ի հրապարակած հաղորդագրութիւնը՝

Երէկ Մաարապի մէջ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Արարողութեան ներկայ կը գտնուէր նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան:

Յիշատակի արարողութեան ընթացքին խօսք արտասանեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ ըսաւ. «50 տարիէ ի վեր մենք կը պայքարինք, դէմ կը դնենք եւ սուղ գիներ կը վճարենք, մեր սկզբունքներէն ոչ մէկ զիջում կատարեցինք, եւ 50 տարի ետք յայտնի դարձաւ, որ մեր նահատակներուն թափած արիւնը յումպէտս չհոսեցաւ»: Ժահժահ յայտնեց. «Յանդգնեցանք հոն, ուր ուրիշներ չկրցան յանդգնիլ, որպէսզի մնայ Լիբանանը, եւ մեզի մնան ազատութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, եւ կը յանդգնինք այսօր եւ միշտ ու մնայուն կերպով պիտի յանդգնինք, որպէսզի մնանք եւ գոյատեւենք ամբողջական գերիշխանութիւն վայելող հայրենիքի եւ պետութեան մէջ»: «Այսուհետեւ այլեւս պիտի չընդունինք, որ որոշումը 100 առ հարիւր լիբանանեան չըլլայ», աւելցուց ան: