image

Սկսած է գործել Covid-19 բջիջային յաւելուածը

Սկսած է գործել Covid-19 բջիջային յաւելուածը

Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեանը ներկայացուցած է Covid-19 Armenia յաւելուածը, որ ստեղծուած է Հայաստանի մէջ հայ մասնագէտներու կողմէ: Իր ֆեյսպուքեան գրառման մէջ ան նշած է, որ արդէն ծանօթ AC19 յաւելուածի տուեալներու պարունակութիւնը տեղափոխուած են Covid-19 Armenia:

«Յաւելուածի ամենակարեւոր կէտը օգտատիրոջ բժշկական քննութիւնն է: Շարք մը հարցերու պատասխաններու շնորհիւ համակարգը կը գնահատէ Ձեր առողջական վիճակը եւ անհրաժեշտութեան պարագային խորհուրդ կու տայ թէ ինչ քայլեր ձեռնարկել: Բացի այդ, վտանգի գօտիի մէջ յայտնուած օգտատէրերու հետ կապ պիտի հաստատեն պարէտատան համաճարակաբանները եւ պիտի վարեն հարցազրոյց, որուն միջոցաւ պիտի որոշեն թէ արդեօք անձը կարիք ունի հետագայ բժշկական ուշադրութեան: Կարեւոր է խուսափիլ սխալ տուեալներ մուտքագրելէն, որպէսզի բժիշկները կապ հաստատեն իրապէս օգնութեան կարիք ունեցողներու հետ»,- պարզաբանած է պարէտը: