image

«Ամերիկայի հրդեհները, Աստուածայայտնութեան տօնը եւ հրկիզուող մարդկութիւնը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

«Ամերիկայի հրդեհները, Աստուածայայտնութեան տօնը եւ հրկիզուող մարդկութիւնը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Վերջերս բոլորս ականատես եղանք Ա.Մ.Ն.- ներու Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ բռնկած անտառային ահաւոր հրդեհներուն: Մոլեգնող հրդեհները սաստիկ արագութեամբ յառաջանալով հրկիզեցին հսկայ տարածքներ, հասնելով մինչեւ բնակարաններ եւ հաստատութիւններ: Վնասները ահաւոր էին: Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք Աստուծոյ ի խնդիր բոլոր վնասեալներուն՝ մահացածներուն ըւ վիրաւորներուն: Թող Աստուած շուտով վերցնէ այս աղէտին պատճառած վնասները:

Այս բոլորին մէջ ընկերային ցանցերու վրայ նկար մը տարուեցաւ, նոյնքան արագ որքան հրդեհը: Նկարը ցոյց կու տար ածխացած տուներ, որոնց մէջտեղը անվնաս կանգնած տուն մը կը կենար: Շատեր առաջին հերթին կարծեցին, որ ան կեղծ նկար մըն է, կամ շինծու պատկեր մը: Սակայն ժամանակի ընթացքին բացայայտուեցաւ, որ նկարը նոյնինքն տան տիրոջ կողմէ զետեղուած է, որ կաթողիկէ հաւատացեալ մըն էր: Նկարին վրայ գրուած կար՝ «Աստուածայայտնութեան տօնին օրհնութիւնը»: Պատահածը այն էր, որ տանտէրը հրդեհները սկսելէն մէկ օր առաջ քահանայ մը հրաւիրելով իր բնակարանը օրհնեալ ջուրով սրսկած էր:

Աստուածայայտնութիւնը կարեւոր տօն մըն է, որ շատ յաճախ քօղարկուած կը մնայ: Մարդիկ անոր իսկական իմաստը չեն հասկնար: Եկեղեցական արարողութիւնները իրենց ծիսական խորքէն անդին թատերական երեւոյթի կը վերածուին: Յորդանանի մէջ Յիսուսի մկրտութեամբ երրեակ Աստուծոյ ինքնուսինը յայտնուեցաւ: Երկինքէն եկած ձայնը յայտարարեց՝ «Այս է Իմ սիրելի Որդիս»: Գետին ջուրերը օրհնուեցան եւ բնութեան ազատագրման սկիզբը սկսաւ: Աստուածայայտնութեան տօնին քահանան կ'օրհնէ ջուրերը նման Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին: Ս. Հոգին իջնելով կը սրբագրծէ ջուրերը: Ապա քահանան կը հրաւիրէ հաւատացեալները, որպէսզի օրհնուած ջուրը առնեն եւ իրենց հետ տուն տանին՝ սրսկեն զայն բնակարաններու եւ գործատեղերու մէջ, որպէսզի ան ըլլայ օրհնութիւն եւ պաշտպանութիւն բոլորին: Քահանան կը թելադրէ նաեւ, որ հաւատացեալներ խմեն այդ ջուրէն, որպէսզի իրենց մեղքերը ներուին, հիւանդութիւններ բժշկուին եւ սատանան իրենցմէ հեռու մնայ:

Նման ԱՄՆ- ներու հրդեհին ներկայիս մարդկութիւնը անաստուածութեան կրակին տակ է: Արհեստական բանականութեամբ (L'intelligence artificielle- IA), մարդ ինքզինք աստուած կարծեց, այն ինչ որ իր աչքերը քօղարկեց, որպէսզի չկարողանայ տեսնել իր կորսուածութիւնը: Ոչ մէկ բան ճշգրտօրէն կը գործէ մեր շուրջը՝ ընտանիքներ կը քանդուին. յարաբերութիւններ կը խզուին. վայրագութիւն, ոճիռ ու պատերազմներ կը բազմանան. հոգեբանական հիւանդութիւններ կը շատանան. եւ այս բոլորին մէջ մարդ կարողութիւն չունի տեսնելու, չըսելու համար լուծում գտնելու իր ապրած կոտրուածութեան:

Աստուածայայտնութեան տօնը եւ ԱՄՆ-ներու այդ ապահով պահուած տան պատկերը մեզի կը հրաւիրէ այսօր, որպէսզի հրաւիրենք մեր քահանաներն ու հովիւները, որպէսզի գան օրհնեն մեր տուները օրհնուած ջուրով. որպէսզի սատանան եւ վտանգները հեռու մնան մեզմէ: Եւ մեր նպատակը ըլլայ Աստուծմէ յարատեւ օրհնութիւն խնդրել եւ այդ օրհնութեան մէջ մնալ:

Թող Աստուած օրհնէ ձեր բոլորը բարեխօսութեանբ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին՝ մեծն Կարապետին:

 

Նիւթը՝ Վատիկան Նիուզ