ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արմէն Աբազեան այցելած է ՀՀ սահմանապահ զօրքերու N ջոկատ եւ մասնակցած սահմանապահ ջոկատի նորակառոյց 5 ուղեկալներու եւ ատոնց կից սպայական կացարաններու շահագործման յանձնելու բացման արարողութեան:
Միջոցառման ներկայ եղած են ՀՀ ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալները եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Արմէն Աբազեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ տարածաշրջանային գործընթացները ցոյց կու տան, որ փաստացի աւելցած է սահմանի ձգուածութիւնը: Եթէ անոր աւելցուի նաեւ սահմանային վտանգներու ողջ շարքը՝ թմրամիջոցներէն մինչեւ ահաբեկիչներու տեղափոխում, անօրինական գաղթէն մինչեւ մաքսանենգութիւն, ապա սահմանապահ զօրքերու վերազինումն ու արդիականացումը ժամանակի հրամայական է:
Սիւնիք, Ճակատէն, Եղուարդ, Կաղնուտ, Դաւիթ Բէկ սահմանային ուղեկալներն ամբողջութեամբ ապահովուած են ժամանակակից սարքաւորումներով, սպառազինութեամբ, անհրաժեշտ պարագաներով: Սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները կը համալրուին տարբեր տեսակի ժամանակակից միջոցներով, կահաւորուած է 18 սահմանապահ կէտ, կառուցուած են խրամատներ, կրակակէտեր եւ դիտման կէտեր: ԱԱԾ տնօրէնը շրջայց կատարած է եւ ծանօթացած պայմաններուն: