Երկար տարիներ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրիալիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական պաշտօնը կատարած Հոգելոյս Գերշ. Տ. Աղան արք. Պալիոզեանի հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՝Սիտնիի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ՝ Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Կիրակի՝ 9 Հոկտեմբեր 2022-ին Սիտնիի Ս. Յարութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, մասնաւոր Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորին, Բանին Կենաց Քարոզչին, քաջարթուն տեսչին, եւ Հայ Եկեղեցւոյ սրբութեանց նախանձախնդիր հոգեւորական Թեմիս նախկին Առաջնորդ Երանաշնորհ Տ. Աղան Արքեպիսկոպոս Պալիօզեանի վախճանման 10րդ տարելիցին առիթով, ապա եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահին մէջ Հոգեսուրճ պիտի մատուցուի:
Զայս, ի գիտութիւն կը ծանուցուի հոգելոյս Սրբազան Հօր յիշատակը յարգող հաւատացեալ ժողովուրդին: