Իսրայէլը պատրաստ է «ճանապարհ հարթելու, որ «Համաս»ի գլխաւոր ղեկավարներէն համարուող Եահիա Սինուորը դիմէ «ինքնաքսոր»ի, այլ խօսքով դուրս գայ իր թաքստոցէն եւ հեռանայ Կազայի հատուածէն։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Իսրայէլացի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ ունին այն համոզմունքը, որ եթէ Սինուար հեռանայ Կազայէն ապա «Համաս»ի էջը վերջնականապէս կրնայ շրջուիլ։
Ի դէպ Սինուորը ու անոր մակարդակի գործիչներու «Կամովին աքսոր»ի մը առաջնորդերու միտքը սեղանի վրայ դրուած է անցեալ նոյեմբերէն սկսեալ։
Իսրայէլի մղած պատերազմի ընդհանուր հոգեբանութեան հետ առնչուող այդ գաղափարը ոգեշնչուած է Եասէր Արաֆաթի կեանքէն, որ խոյս տուած էր Պէյրութէն՝ 42 տարի առաջ։
1982 թուականին Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութեան (ՊԱԿ) հարիւրաւոր անդամներ ստիպուած եղած են նաւերով լքել Լիբանանը, որոնց գլխաւորած է Արաֆաթը, որ 12 տարի, որպէս աքսորեալ ապրած է Թունիսի մէջ։
7 Հոկտեմբերի յարձակումէն ետք Իսրայէլի կառավարութիւնը տարբեր հարթակներէ յայտարարած է, որ կը պատրաստուի ամէն գնով «վերացնել» Եահիա Սինուորն ու անոր գործընկեր համարուող Մոհամմէտ Տէֆը ( ըստ Իսրայէլի այս անունները կը համարուին «Համաս»ի յարձակման ճարտարապետները, որոնք սպանեցին 1200 մարդ եւ պատանդ վերցրեցուցին 240 հոգի): Սակայն անոնց Կազայէն հեռացուելու եւ «Կամովին աքսոր»ի մղելու գաղափարը շրջանառութեան մէջ դրուած է, որպէս այլընտրանքային մօտեցում։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը