Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Արցախէն տեղահանուած հայութեան համար։ Պապը նաեւ կոչ ըրած է, որ Արցախի մէջ առկայ հայոց հոգեւոր ժառանգութիւնը պահպանուի։
Այս մասին գրած է «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Աթթարեան։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այսօր հրապարակուած լուրը՝
Կիրակի 15 հոկտեմբեր 2023ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, նախ իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտեց Իսրայէլի ու մասնաւորապէս Կազայի մէջ պատահածին համար, մտահոգութիւնը արտայայտելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեան համար։
«Աւելիով պակաս չէ իմ մտահոգութիւնս, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համար։ Տեղահաններու մարդասիրական իրավիճակէն անդին, - որ արդեն խիստ ծանր է – կ՛ուզեմ յատուկ կոչ մը ուղղել տարածաշրջանի մէջ Վանքերու եւ աղօթատեղիներու պաշտպանութեան ի սպաս», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով, որ «սկսեալ Իշխանութիւններէն ու բոլոր բնակիչներէն, անոնք (վանքերը եւ աղօթատեղիները) յարգուին եւ պաշտպանուին, որպէս մշակոյթի մաս, տեղական մշակոյթի մաս, հաւատքի արտայայտութիւն եւ եղբայրութեան նշան, որ կարելի կը դարձնէ տարբերութիւններուն մէջ միասին ապրիլը», յարեց Սրբազան Պապը։
Ան ապա ակնարկեց «C’est la confiance» վերտառութեամբ այսօր հրատարակուած առաքելական յորդորագիրին, նուիրուած Մանուկ Յիսուսի եւ Սուրբ Դէմքի Սրբուհի Թերեզային։
«Արդարեւ այնպէս ինչպէս վկայեց այս մեծ Սրբուհին ու Եկեղեցւոյ Վարդապետը` Աստուծոյ ողորմած սիրոյ հանդէպ վստահութիւնն է այն ճանապարհը, որ մեզ կը տանի դէպի Տիրոջ սիրտը և անոր Աւետարանը», ըսաւ Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը խնդրելով նաեւ` որ չի մոռցուի Ուքրանիան։
Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։