image

«Կրնայ դառնալ դարուս աղէտը». Լաւրով մտահոգ է Կազայի ճակատագրով

«Կրնայ դառնալ դարուս աղէտը». Լաւրով մտահոգ է Կազայի ճակատագրով

Իսրայէլի կողմէ յայտարարուած Համասի ոչնչացման ծրագիրն անհնար է իրականացնել առանց Կազայի եւ խաղաղ բնակչութեան մեծամասնութեան ոչնչացման։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով:

«Բացարձակապէս անընդունելի ահաբեկչական յարձակում իրականացուած է Իսրայէլի վրայ։ Իսրայէլ, ոչ ամբողջութեամբ առաջնորդուելով միջազգային իրաւունքի նորմերով, հրապարակաւ յայտարարեց, որ իր պատասխանը պիտի ըլլայ անողոք եւ պիտի ոչնչացնէ Համասը, իսկ Համասը ոչնչացնել, առանց խաղաղ բնակչութեան մեծամասնութեան գազանաբար ոչնչացնելու, անհնար է», - ըսած է ան Պելթա գործակալութեան տուած հարցազրոյցին:

Լաւրով նշած է, որ Ռուսիա կը պահպանէ կապը Իսրայէլի հետ, անոր ազդանշաններ կ'ուղարկէ Կազայի մէջ խաղաղ լուծում փնտռելու անհրաժեշտութեան մասին, ոչ թէ այրուած հողի ռազմավարութիւնն աւարտին հասցնելու:

Ան ընդգծած է, որ եթէ Կազան ոչնչացնեն եւ անկէ վռնտեն երկու միլիոն բնակիչները, այդ աղէտ պիտի ստեղծէ երկար տասնամեակներու կամ նոյնիսկ դարերու համար:

«Պէտք է կանգ առնել, պէտք է մարդասիրական ծրագիրներ յայտարարել շրջափակման մէջ յայտնուած բնակչութիւնը փրկելու համար. ո՛չ ջուր, ո՛չ ելեկտրականութիւն, ո՛չ պարէնամթերք. ասոնցմէ ոչ մէկը կայ», - ըսած է Լաւրով: