image
Հրատապ լուրեր:

Սիմոնեան «խնդրած է», որ այլեւս թքելու դէպքին մասին չխօսին. «Ես ներողութիւն եմ խնդրել»

Սիմոնեան «խնդրած է», որ այլեւս թքելու դէպքին մասին չխօսին. «Ես ներողութիւն եմ խնդրել»

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը նիստի ժամանակ դարձեալ խնդրած է ընդդիմադիր գործընկերներէն իր՝ քաղաքացիի վրայ թքելու մասին չխօսիլ։ Ան ըսած է, որ ներողութիւն խնդրած է իր սխալ արարքի համար։

Ինչ կը վերաբերի քննադատութիւններուն, որ ինքն իրաւական պատասխանատւութիւն չէ կրած, Սիմոնեանը պատասխանած է, որ այդ անձը բողոք չէ ներկայացուցած։

«Ես այդ արանքն անընդունելի եմ համարում, եզրակացութիւն եմ արել, որ յոյզերին եմ տրուել»,- աւելցուցած է Ազգային Ժողովի նախագահը։

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն ալ Ազգային Ժողովի խօսնակը յիշեցուցած է․«Եթէ այդքան պարկեշտ էք, Ձեզ համար օրէնքն այդքան կարեւոր է, Ձեր կուսակից Պօղոս Պօղոսեանի գլուխն այնքան զուգարանակոնքին հարուածեցին, որ մահացաւ, ի՞նչ արեցիք դուք դրանից յետոյ։ Մի խօսէք դրա մասին»,- նշած է ան։