image

Եւս մէկ հայց պիտի ներկայացնեմ, Սամուէլ Կարապետեանը երրորդ ներողութիւնը պէտք է խնդրէ. վարչապետ

Եւս մէկ հայց պիտի ներկայացնեմ, Սամուէլ Կարապետեանը երրորդ ներողութիւնը պէտք է խնդրէ. վարչապետ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Սամուէլ Կարապետեանի դէմ եւս մէկ դատական հայց պիտի ներկայացնէ։ Պատճառը շրջանառուող պնդումներն են, թէ, իբր, Փաշինեան իր վերջին հարցազրոյցին մէջ հաստատած է «300 հազար ատրպէյճանցիներու՝ Հայաստանում բնակեցելու մասին» լուրերը։ Վարչապետն ընդգծած է, որ այս ամէնու հետեւանքով Կարապետեանը ստիպուած պիտի ըլլայ արդէն երրորդ անգամ ներողութիւն խնդրել։

Ինչ կը վերաբերի Կարապետեանի դժգոհութիւններուն, թէ վարչապետն իրեն դատի տալով մեծ գումարներ կը պահանջէ՝ Փաշինեանն ըսած է. «Եթէ նա արդէն սկսել է անհանգստանալ դատական հայցագնի վերաբերեալ, նշանակում է՝ նրա հարստութեան չափերի մասին լուրերը խիստ չափազանցուած են»։