Շուշիի մէջ ատրպէյճանեան բանակի կառքը «պայթած» է ականի վրայ։
Այս մասին լուրը կը հաղորդեն ատրպէյճանեան ԶԼՄ-ներ։
Ըստ նախնական տուեալներու պայթումին հետեւանքով 3 զինուորներ վիրաւորուած են։
Ատրպէյճանեան կողմը եղածին համար մեղադրած է հայկական կողմը, նշելով, որ ականի տեղադրում եղած է հայոց կողմէ եւ այդ կը համարուի սադրանք։