«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը սկսած է իր տարեկան դրամահաւաք-արշաւը՝ «Մեր միջեւ Հայաստանը» խորագիրով։ Անկախ Հայաստանի առաջին հիմնադրամին տարեկան արշաւը աւանդաբար կը համախմբէ Հայաստանն ու Սփիւռքը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ բնակող հայերուն հնարաւորութիւն տալով իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի զարգացման։ Այս մասին կը յայտնեն Հիմնադրամէն։
Աւանդութեան համաձայն՝ արշաւը պիտի մեկնարկէ համանուն կարճամեթրաժ ֆիլմով։ Անոր պիտի յաջորդեն հանրային իրազեկման ձեռնարկներն ու հանդիպումները, որոնց ընթացքին Հիմնադրամը պիտի ներկայացնէ տարեկան ծրագիրներն ու անոնց աջակցելու կարելիութիւնները։
«Այս տարուան արշաւով կ՚ուզենք ընդգծել, որ Հայաստանը ոչ միայն մեր հասարակաց արժէքն է, այլեւ՝ մեր համատեղ պատասխանատուութիւնը։ Հիմնադրամին առաքելութիւնն է ամրապնդել մարդոց միջեւ կապերը՝ անկախ անոնց բնակութեան վայրերէն, աշխարհայեացքէն եւ կենսափորձէն։ Մարդէ մարդ փոխանցուող վստահութեան, համերաշխութեան եւ գործակցութեան միջոցաւ է որ կը ձեւաւորուի համահայկական այն ներուժը, որ կրնայ ծառայել Հայաստանի զարգացման», ըսած է Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արամայիս Աւետիսեան։
Այս տարուան դրամահաւաքը կ՚ընդգրկէ երեք ռազմավարական ծրագիրներ եւ նուիրատուներու կողմէ առաջարկուած շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց իրականացման համար անհրաժեշտ է շուրջ 1 միլիառ 973 միլիոն դրամ։
Ռազմավարական ծրագիրներէն մէկով՝ Կիւմրիի Մուշ թաղամասի զարգացման ծրագիրով, կը նախատեսուի կառուցել 66 բնակարան՝ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 44 ընտանիքներու եւ Կիւմրիի երկրաշարժէն տուժած 22 ընտանիքներու համար։ Ծրագիրը կը ներառէ նաեւ 75 երեխայի համար նախատեսուած մանկապարտէզի կառուցում, հանրային պարտէզի ստեղծում, «Թումօ Պոքս»-ի տեղադրում, ինչպէս նաեւ մշակութային-կրթական կեդրոնի կառուցում։ Ծրագիրին ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 6,806,267,120 դրամ, որմէ 931,939,036 դրամ անհրաժեշտ է յառաջիկայ փուլին համար։
Երկրորդ ծրագիրով կը նախատեսուի Գեղարքունիքի մարզի գիւղական համայնքներուն մէջ կառուցել մէկ բուժամբուլատորիա եւ երկու մանկապարտէզ՝ առաջնային բուժօգնութեան եւ նախադպրոցական կրթութեան մատչելիութիւնը բարելաւելու նպատակով։ Ծրագիրին ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 1,161,055,600 դրամ, որմէ 420,540,000 դրամ անհրաժեշտ է ֆինանսաւորման համար։
Երրորդ ռազմավարական ծրագիրին այս տարուան հանգրուանին պիտի շարունակուի Սիւնիքի մարզին մէջ Սպանդարեանի ջրանցքի վերականգնման աշխատանքը։ Արդիւնքով պիտի բարելաւուի մինչեւ 2,800 հեկտար գիւղատնտեսական հողատարածքներու ոռոգումը, ինչ որ պիտի նպաստէ շուրջ 450 ընտանիքներու՝ 1,940 բնակիչներու կենսապայմաններու բարելաւման։ Ջրանցքի ծրագիրին ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 6,034,772,994 դրամ, որմէ անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը 109,918,924 դրամ է։
Նուիրատուներու կողմէ առաջարկուած ծրագիրներէն մէկուն ծիրէն ներս, Բալահովիտի եւ Նալբանդեանի մէջ կը նախատեսուի կառուցել 10 բնակելի տուն՝ պատերազմի ընթացքին հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներուն համար։ Ծրագիրներու այս փաթեթը կը ներառէ նաեւ Սաղմոսաւանի համայնքային կեդրոնի եւ Պատրիկ Տեւեճեանի անուան քոլէճի մարզահրապարակի կառուցումը, Վերիշենի ջրամատակարարման համակարգի բարելաւումը, ինչպէս նաեւ բժշկական վտանգաւոր թափօններու այրման կայանի տեղադրումը։ Այս ծրագիրներու իրականացման համար անհրաժեշտ է 510,732,677 դրամ։
Նշուած ծրագիրները հաստատուած են այս տարուան Սեպտեմբեր 15-ին կայացած տարեկան նիստին ընթացքին։ Նիստի ընթացքին Հիմնադրամի նորանշանակ տնօրէն Արամայիս Աւետիսեան ներկայացուցած է զարգացման եւ առողջացման եռամեայ ծրագիրը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ կազմակերպական արդիւնաւէտութեան, հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան բարձրացման լրացուցիչ միջոցառումները։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստեղծուած է 1992 թուականի Մարտ 3-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով։ Հիմնադրամի կառավարման բարձրագոյն մարմինը Հոգաբարձուներու խորհուրդն է։ Կանոնադրութեամբ նախատեսուած 29 անդամներէ բաղկացած կազմին մէջ ընդգրկուած են 14 պաշտօնէ անդամներ, կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ութ ներկայացուցիչներ եւ եօթը անուանի գործիչներ։
Հիմնադրամի համախմբուած տուեալներուն համաձայն՝ իր հիմնադրութենէն ի վեր ան իրականացուցած է անկախ Հայաստանի հասարակական հատուածի պատմութեան ընթացքին ծրագիրներու ամենամեծածաւալ աշխատանքը՝ ընդհանուր առմամբ 1,136 ծրագիր։ Անոնցմէ 43.6 տոկոսը ուղղուած է կեանքի որակի բարելաւման, իսկ 29 տոկոսը՝ ենթակառոյցներու զարգացման։ Ծրագիրներուն 38.47 տոկոսը իրականացուած է Հայաստանի մէջ, իսկ 59.68 տոկոսը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Հիմնադրամը կոչ կ՚ուղղէ համայն հայութեան՝ համախմբուելու եւ մասնակցելու դրամահաւաք-արշաւին։ Ան նաեւ կը յուսայ ստանալ հանրութեան ուշադրութիւնն ու աջակցութիւնը՝ մարդոց օգնելու եւ անոնց կեանքի որակը բարելաւելու նպատակով։