image

Ինչ պիտի քննարկեն Փաշինեան եւ Փութին. Տեղեկութիւնը՝ Փեսքովէն

Ինչ պիտի քննարկեն Փաշինեան եւ Փութին. Տեղեկութիւնը՝ Փեսքովէն

Ռուսական կողմը պատրաստ է աջակցելու Թուրքիոյ՝ տարածաշրջանային ուժանիւթային հանգոյցի կայացման հարցով, յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք։

Ան նշած է, որ համաժողովը համախմբած է ռուսական եւ թրքական գործարար շրջանակներու աւելի քան 200 ներկայացուցիչներ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ «մեր ընկերութիւններուն քննարկելու նոր գաղափարներ եւ կառավարութիւններուն ուղղակիօրէն յայտնելու, թէ ո՛ր ուղղութեամբ աջակցութեան կարիք կայ»։

«Ուժանիւթը կը շարունակէ մնալ մեր տնտեսական կապերուն հիմնասիւնը։ Ռուսիա բարեխղճօրէն կը կատարէ Թուրքիոյ կազի, քարիւղի եւ քարիւղամթերքի մատակարարման իր պարտաւորութիւնները։ «Կապոյտ հոսք» եւ «Թրքական հոսք» կազամուղները կը գործեն վստահելիօրէն։ Կը զարգանայ նաեւ ելեկտրական ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութիւնը։

Այսօր Թուրքիան արդէն կարեւոր դեր կը խաղայ ուժանիւթային պաշարներու տարանցման գործին մէջ, եւ մենք պատրաստ ենք աջակցելու անոր՝ իբրեւ ուժանիւթային առեւտուրի տարածաշրջանային կեդրոն կայանալուն։

 

Թուրքիան Ռուսիոյ առեւտրական մեծագոյն գործընկերներէն մէկն է։ Երկու երկիրներու ղեկավարները նպատակադրած են մեր երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը հասցնել տարեկան 100 միլիառ տոլարի։ Նպատակը յաւակնոտ է։ Անշուշտ, անոր հասնելու ճամբան կ՚անցնի երկարաժամկէտ պայմանագիրներու, փոխադարձ ներդրումներու եւ ընկերութիւններուն համար յստակ ու կայուն պայմաններու ապահովման ընդմէջէն», յայտարարած է ան։