ՀՀ կառավարութիւնը Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան 15 միլիոն 693 հազար դրամ յատկացուց Բրիտանական թանգարանի մշտական ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած՝ Սատաղէն գտնուած եւ Անահիտ աստուածուհիին վերագրուող յայտնի պրոնզէ արձանէն պահպանուած գլխու եւ ձեռքի ցուցադրութեան հանրահռչակման համար։
Որոշումն ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան 18 յուլիսի նիստի ժամանակ, որ կը վարէր ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը. ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձակուրդի մէջ է։
Նշենք, որ քրիստոսէ առաջ երկրորդ-առաջին դարերուն թուագրուող Անահիտ աստուածուհիի արձանէն պահպանուած եւ Բրիտանական թանգարանին մէջ պահուող պրոնզէ գլուխն ու ձեռքը սեպտեմբերին Հայաստան պիտի տեղափոխուին՝ 6 ամիսով ժամանակաւոր ցուցադրութեան համար։
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանն իր խօսքին մէջ նշած է, որ ցուցադրութեան համար նախատեսուած մնացած լրացուցիչ ծախսերը պիտի հոգան մասնաւոր ընկերութիւնները։
«Մասնաւոր գործընկերների ներգրաւումն ունի տնտեսական հիմնաւորուածութիւն ու շահագրգռուածութիւն։ Մենք չենք խօսում բարեգործութեան մասին, այլ խօսում ենք այդ իմաստով մշակոյթի` որպէս տնտեսական ճիւղի զարգացման մասին»,– նշած է նախարարը։
Նշենք, որ Բրիտանական թանգարանի հետ պայմանագիրը ստորագրուած է այս տարի։
«Մայր Աստուածութիւն. Անահիտէն Մարիամ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսի բացումը նախատեսուած է այս տարուան սեպտեմբեր 21–ին` ՀՀ անկախութեան տօնին եւ պիտի տեւէ 6 ամիս։