image

Շուները, «սալոնի շուները» եւ շան «տօքթորներ»ը...

Շուները, «սալոնի շուները» եւ շան «տօքթորներ»ը...

Հոս պարոն Հայկը մտաւ նիւթին մէջ փորձելով թեթեւցնել ինչ որ լսեց.- շունի տոքթորին խանութը տեսա՞ծ ես. խճողումը, հերթի կեցողները տեսա՞ծ ես. մարդու տոքթորէն աւելի գործ ունի... «Դուն ալ ամէ՛ն ինչին պիտ խօսիս».- ըսելով 5 աստղանի կոշտ միջամտութեամբ պարոն Հայկին խօսքը ընդհատեց Զարուկ։

Ես ատկէ ետք, ա՛լ չէի լսէր իրենց վէճը, ըսելիք ալ չունէի արդեն, լուռ, կը յիշէի մեր հաւատարիմ շուները՝ Ճամպօն (պէրժէ), եւ Ռեքսը (քանիշ), եւ Հախվերտեանի երգը կ՚երգէի մտքէս..

 

Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝

Շուն պահելու, եւ պահուած շուն ունենալու միջեւ տարբերութի՛ւն կայ, գիտե՞ս.- կը հարցնէ Զարուկ։ Ինծի՞ ուղղուած էր հարցումը, թէ պարոն Հայկին. չեմ գիտեր, բայց ոչ ինծի առիթը տուաւ պատասխանելու, ոչ ալ իր ամուսնոյն, եւ շարունակեց.- Առաջ, ամէն մարդ շուն չո՛ւնէր հիմակուայ պէս. հովիւնե՛րը շուն կ՚ունենային, ագարակներուն մէ՛ջ շուն կ՚ըլլար անպայման, երբեմն որսորդները իրենց յատուկ շուն(երը)ը կ'ունենային, եւ, քիչ, շատ քիչ ալ «մատմոզել»ներ կային, «բրեսթիժ»ի համար պայուսակի մէջ բաւող շնիկներ կ՚ունենային, որոնց նաեւ կ՚ըսէին «սալոնի շուն». պէտք չէ մոռնալ կարաւաններուն ընթացքը չհանդուրժող անընդհատ հաջող փողոցային շուները։ Այդ օրերուն, շունը տիրոջ լա՛ւ կը ճանչնար, տիրոջ ընտանիքն ալ լաւ կը ճանչնար, տիրոջ սիրած-չսիրածը գիտէր անշուշտ, եւ փոխադարձար, տէրը ունէր նոյն կապը իր շան նկատմամբ։ Այս սերտ յարաբերութիւնէն է կ՚երեւի, որ ժողովուրդին կողմէ ծնած է առածը, որ կ՚ըսէ.- «Շունը իր տիրոջ բնաւորութիւնը կ՚առնէ»։

Պարոն հայկը, հազար անգամ նոյն ֆիլմը դիտած մարդու դէմք ունէր արդէն. Զարուկը մեր հարեւան, կը շարունակէր իր ճառը, աւարտաճառ կարդացողի ինքնավստահութեամբ.- Հիմա, գրեթէ ամէն շէնքի մէջ շուն կայ, տարբեր տեսակի եւ չափի, երբեմն մէկէ ալ աւելի։ Այդքան շատ շուն կայ, որ գործի նո՛ր ասպարէզ մը յայտնուած է՝ շուն քալեցնող (պտտցնող)։ Ահա հո՛ս է որ «շունը տիրոջ չի ճանչնար» առածը իրական պատկերի կը վերածուի, երբ ճամբան կը տեսնես սալոնի շունը գերմանական պերժէին հետ, ընկերակցութեամբ պուլտոկի մը՝ երբեմն մէկ-մէկ, երբեմն երեքով, իրենց «քալեցնող»ին հետ կը տողանցեն ամէն օր նոյն ժամուն։ Իսկական տէրը, որ ըստ էութեան տէրն է շան, այդ «կապ»ը կտրած է հոս՝ իր շունին տիրութիւնը փոխանցած է վճարովի մէկու մը, որ ընդուած է օտարի օտար շունը քալեցնել (իբր գործ), շունին ալ հոգը չէ ո՛ր շունին հետ կ՚ընկերակցի, եւ ո՛վ իր վիզի կապը բռնած կը քալեցնէ, կարեւորը քալէ, եւ իր (բնական) պահանջը բաւարարէ. այս տողանցքին կը միանայ տունը մնացած՝ պատշգամներէն կախուած շուներու հաջոցային սիմֆոնին, տեսա՞ծ ես.-դիմելով ինծի կը հարցնէ Զարուկը։

«Անշուշտ տեսած եմ» ըսելս ընդհատելով, Զարուկ կը շարունակէ... Գիտեմ գիտեմ, դուն նման բաներ տեսած ես ա՛յլ տարբերակով... դուն տեսած ես պահուա՛ծ շունը, տեսած ես ինչպէս շուն՝ շա՛ն որդիներ կը կտրեն իրենց արդէն կեղծ հաւատարմութեան եւ պատկանելիութեան «կապ»ը, եւ ետին ձգելով ամէն բարոյական արժէք եւ վարկ կը ձգտին «քալել». որո՛ւն հետ, ինչպէ՞ս՝ կարեւոր չէ. իրենց խիղճը ծախած, միայն քալեն... եւ...

Հոս պարոն Հայկը մտաւ նիւթին մէջ փորձելով թեթեւցնել ինչ որ լսեց.- շունի տոքթորին խանութը տեսա՞ծ ես. խճողումը, հերթի կեցողները տեսա՞ծ ես. մարդու տոքթորէն աւելի գործ ունի... «Դուն ալ ամէ՛ն ինչին պիտ խօսիս».- ըսելով 5 աստղանի կոշտ միջամտութեամբ պարոն Հայկին խօսքը ընդհատեց Զարուկ։

Ես ատկէ ետք, ա՛լ չէի լսէր իրենց վէճը, ըսելիք ալ չունէի արդեն, լուռ, կը յիշէի մեր հաւատարիմ շուները՝ Ճամպօն (պէրժէ), եւ Ռեքսը (քանիշ), եւ Հախվերտեանի երգը կ՚երգէի մտքէս..

«Ես գիտեմ, թէ ովքեր են տէրերը,

Ում ձեռքից են ուտում էս շները, Ես գիտեմ...

Ու թէեւ միշտ էլ կուշտ են տէրերը,

Բայց սովից կատաղած են շները,

Եւ հիմա...

Հենց էնպէս չեն հաջում էս շները,

Ուշացրել են մի քիչ նրանց կերը.

Ուշացրել...

Կերակրէք, չէ որ դուք էք տէրերը,

Որ յանկարծ մեզ չուտեն էս շները,

 

Կերակրէք...

Վայելէք ձեր համեղ պատառները,

Մնացորդը ուտեն թող շները,

Որ լռեն...

Թէ չէ վախն այցելում է գիշերը,

Երբ սովից կատաղած են շները,

Զգուշացէք...

Փակեցեք շատ ամուր ձեր դռները,

Փողոցում թող մնան պոետները,

Եւ մարդիկ,

Ում համար միեւնոյնն են տէրերը,

Եւ յատուկ կատաղացրած շները,

Միեւնոյն...»։