Եմէնի մայրաքաղաք Սանայի միջազգային օդակայանը, որ մայիս 6-ին Իսրայէլի հարուածներու թիրախ դարձած էր, դադրեցուցած է բոլոր թռիչքները։ Բացի այդ, օդակայանին պատճառուած է շուրջ 500 միլիոն տոլարի վնաս։ Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացած է հուսիներուն պատկանող Al Masirah հեռուստաալիքէն, այս մասին յայտնած է օդակայանի տնօրէն Խալետ ալ-Շայեֆը։
«Թշնամիի կողմէ թիրախաւորուած եւ ամբողջութեամբ ոչնչացուած է 6 օդանաւ, որոնցմէ 3-ը՝ եմէնեան։ Սանայի միջազգային օդակայանին լուրջ վնաս հասցուած իսրայէլեան յարձակման հետեւանքով բոլոր մուտքային եւ ելքային թռիչքերը կասեցուած են մինչեւ հետագայ ծանուցում», -յայտնած է ալ-Շայիֆը։
Ան աւելցուցած է, որ օդակայանի ժամանակաւոր վերաբացման այլընտրանքներ կան, սակայն երկար ժամանակ պէտք է այն վերականգնելու եւ նախկինի պէս աշխատելու համար։
Պաշտօնեայի խօսքով՝ իսրայէլեան ուժերը ոչնչացուցած են Սանայի օդակայանի սրահները՝ ամբողջ սարքաւորումներով, իսկ մատակարարման շէնքն ամբողջութեամբ հողին հաւասարեցուած է։
Ալ-Շայիֆը նաեւ նշած է, որ յարձակման հետեւանքով Սանայի օդակայանի կրած վնասները կազմած են մօտաւորապէս 500 միլիոն տոլար։
Մայիս 6-ին իսրայէլեան օդանաւերը լայնածաւալ օդային հարուածներ հասցուցած են Եմէնին։ Հարուածի հիմնական թիրախը «Անսար Ալլահ» շարժման հսկողութեան տակ գտնուող Եմէնի մայրաքաղաք Սանայի օդակայանը եղած է։ Յարձակումն իրականացուած է՝ ի պատասխան հուսիներու կողմէ Իսրայէլի Պեն Կուրիոն օդակայանին աւելի վաղ հասցուած հարուածներու։