image

Քեսապ. Հ. Գառնիկ Թ.Ծ. Վրդ. Յովսէփեան ժողովրդապետի պաշտօնին կոչուեցաւ

Քեսապ. Հ. Գառնիկ Թ.Ծ. Վրդ. Յովսէփեան ժողովրդապետի պաշտօնին կոչուեցաւ
Քեսապի հայկական աւանէն ուրախալի լուր ստացանք։
 «Արեւելք»ի Քեսապի աղբիւրին հաղորդմամբ գիւղի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ նշանակուած է Հ. Գառնիկ Թ. Ծ.Վրդ. Յովսէփեան։
Վարդապետը Հայաստանի մէջ երկար ծառայութիւն ունենալէ ետք փոխադրուած էր Սուրիա եւ ժամանակ մըն ալ կատարած  հոգեւոր հովիւի ծառայութիւններ Հայ Կաթողիկէ համայնքի «Ճէզէիրէի» թեմէն ներս, առաջնորդութեամբ՝ Ճէզիրէի Առաջնորդ Հ. Անդրանիկ գերպ. Այվազեանի։
 

Օրերս Հայր Գառնիկ Թ.Ծ. Վրդ. փոխադրուած էր Քեսապ ու անցած կարեւոր նոր առաքելութեան։

Այսպիսով ան կը փոխարինէ Սուրիոյ պատերազմական ամենածանր օրերուն Քեսապի մէջ ժողովրդապետի նուիրական գործունէութիւն ծաւալած Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանին, որ վերջերս անցած էր նոր ծառայութեան՝ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ դարաւոր Զմմառու Վանքէն ներս։

Բարի ծառայութիւն կը մաղթենք Հայր Գառնիկ վրդ.ին՝ վստահ ըլլալով, որ ինչպէս մօտիկ անցեալին, ան հիմա ալ մեծ նուիրուածութեամբ պիտի շարունակէ իր կրօնաւորի «սպիտակ» առաքելութիւնը։