Հայրս մահացաւ այսօր, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Ծնած էր 1939-ին, Մուսա լեռէն Այնճար գաղթի ճամբուն վրայ` Պասիթի մէջ, անձրեւոտ ու փոթորկոտ գիշեր մը: Համագիւղացիները ըսեր էին` Մոսկոֆին (մեծ հօրս` Պօղոսին) կինը խենթացեր է` ասանկ ատեն տղայ կը բերե՞ն։ Կեանքն ալ ապրեցաւ անհանգիստ, փոթորկոտ` այդ օրուան նշանին տակ։ Երկու տարեկան չկար` որբացաւ։ Զինք խնամեց քոյրը, որ հարս գացած էր Քարանթինայի հիւղաւանը, դժուարին պայմաններու մէջ։ Պէյրութէն ետք` Պաղտատ, Ռիատ. աշխատեցաւ մանուկ տարիքէն, տարիներ անցուց օտարութեան մէջ` ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար։ Հրաժեշտ տուաւ խաղաղօրէն, հանդարտօրէն հանգչող մոմի պէս։ Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի վաղը, ժամը 3:00-ին, Այնճար:
Օրերս մահացած է Այնճար հայաւանի աւագ սերունդի անդամներէն՝ Յակոբ Պօղոս Թաշճեանը։
«Արեւելք» տխուր լուրը ստացաւ Պէյրութէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրեան էջի այդ առթիւ հրապարակած մահազդը եւ այս առթիւ հանգուցեալի որդւոյն՝ Վարդան Թաշճեանի գրառումը։
Տիկ. Մարի Տիլապազեան‐Թաշճեան
Տէր եւ Տիկ. Վիգէն եւ Եւիկ Գորէսեան եւ դուստրը` Լորի
Տէր եւ Տիկ. Վարդան եւ Կարինէ Թաշճեան եւ զաւակունք` Յակոբ եւ Էտուարտ
Տէր եւ Տիկ. Պօղոս եւ Սիլվա Թաշճեան եւ զաւակունք` Պարոյր եւ Փաթիլ (Քանատա)
Տէր եւ Տիկ. Հասան եւ Հերա Մուսա եւ զաւակունք` Ատամ եւ Լին
Տէր եւ Տիկ. Արիստակէս եւ Մարալ Հապէշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ. Վազգէն եւ Սիլվա Հապէշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ եւ Ովսաննա Տիլապազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկ. Քէն եւ Լիլա Թէյլըր (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ Տիկ. Վարդան եւ Սիլվա Վարդանեան եւ զաւակունք
եւ համայն Թաշճեան, Գորէսեան, Մազաքեան, Մինասեան, Մուսա, Հապէշեան, Տիլապազեան, Պետրոսեան, Օհանեան ընտանիքներ եւ հարազատներ կը գուժեն մահը իրենց ամուսնոյն, հօր, անէրհօր, սկէսր հայրի, մեծ հօր, քեռայրի, քեռիի եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ՊՕՂՈՍ ԹԱՇՃԵԱՆԻ
(ծնեալ Պասիթ, 1939)
մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2025-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի ,27 Ապրիլ 2025-ին, Կ- Ե- ժամը 3:00-ին," Ս. Պօղոս" եկեղեցւոյ մէջ ,որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ազգ.գերեզմանատունը:
Ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ"Գ. Կիւլպէնկեան" սրահէն ներս մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 ,իսկ Երկուշաբթի,
28 Ապրիլին, ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահէն ներս, Պուրճ Համուտ,կէսօրուան ժամը 11։00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։00։
Փոխան ծաղկեպսակի, կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ։
Վարդան Թաշճեանի գրառումը ՝
«Հայրս մահացաւ այսօր, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Ծնած էր 1939-ին, Մուսա լեռէն Այնճար գաղթի ճամբուն վրայ` Պասիթի մէջ, անձրեւոտ ու փոթորկոտ գիշեր մը: Համագիւղացիները ըսեր էին` Մոսկոֆին (մեծ հօրս` Պօղոսին) կինը խենթացեր է` ասանկ ատեն տղայ կը բերե՞ն։ Կեանքն ալ ապրեցաւ անհանգիստ, փոթորկոտ` այդ օրուան նշանին տակ։ Երկու տարեկան չկար` որբացաւ։ Զինք խնամեց քոյրը, որ հարս գացած էր Քարանթինայի հիւղաւանը, դժուարին պայմաններու մէջ։ Պէյրութէն ետք` Պաղտատ, Ռիատ. աշխատեցաւ մանուկ տարիքէն, տարիներ անցուց օտարութեան մէջ` ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար։ Հրաժեշտ տուաւ խաղաղօրէն, հանդարտօրէն հանգչող մոմի պէս։ Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի վաղը, ժամը 3:00-ին, Այնճար»։