image

Մեկնարկած է Հռոմի նոր պապի ընտրութիւնը

Մեկնարկած է Հռոմի նոր պապի ընտրութիւնը

Այսօր՝ մայիս 7-ին, Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս պիտի մեկնարկի քոնքլաւը՝ Հռոմի նոր պապի ընտրութեան գործընթացը։ Օրուան առաջին կէսին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ պիտի մատուցուի յատուկ Մեսսա՝ Pro eligendo Pontifice, որու ընթացքին պիտի ըլլայ համընդհանուր աղօթք՝ յաջակցութիւն այն կարտինալներու, որոնց վրայ դրուած է նոր պապի ընտրութեան առաքելութիւնը։

Կէսօրէ ետք կարտինալները դուրս պիտի գան Սուրբ Մարթայի Տունէն եւ պիտի ուղեւորուին Սիքսթինեան քափելլա, ուր տեղի պիտի ունենայ քոնքլաւի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը։

Քոնքլաւի կանոններուն մէջ նշուած է, որ 252 կարտինալներէն 138-ը կը համարուին ընտրող։ Սիքսթինեան քափելլայի մէջ գաղտնի քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ միայն 80 տարեկանէն ցած անձինք։

Ընտրական գործընթացի օրերուն կարտինալներն ամէն առաւօտ պիտի մասնակցին Մեսսայի եւ ժամերգութիւններու՝ Պավել III-ի մատուռին մէջ, որուն պիտի յաջորդեն քուէարկութիւնները։

Ընտրութեան աւարտին, եթէ Սիքսթինեան քափելլայի ծխնելոյզէն սեւ ծուխ դուրս գայ, կը նշանակէ, որ պապ չէ ընտրուած։ Սպիտակ ծուխը կը նշանակէ, որ նոր պապ ընտրուած է։

Ապրիլ 21-ին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի մահէն ետք կարտինալները պիտի ընտրեն 267-րդ պապը։