image

Հալէպ. Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան ընդունած է «Aid To The Church In Need» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչը

Հալէպ. Գերշ. Տ. Մակար  Արք. Աշգարեան ընդունած է «Aid To The Church In Need» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունած է «Aid To The Church In Need» բարեսիրական հաստատութեան Հալէպի պատասխանատուն։

Այս բոլորի մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը «Aid To The Church In Need» բարեսիրական հաստատութեան Հալէպի պատասխանատու տիար Ժոզէֆ Ճորճ Ճպրանը։

Հաստատութեան Հալէպի պատասխանատուն անդրադարձաւ հաստատութեան յառաջիկայ բարեգործական ծրագիրներուն, պատրաստակամութիւն յայտնելով զանազան ծրագիրներով գործակցութիւնը շարունակելու Թեմին հետ։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց բարեսիրական հաստատութեան զանազան ոլորտներու մէջ բերած նիւթաբարոյական ներդրումը եւ այս առիթով Ազգ. Առաջնորդարանի նշանակը կրող յուշանուէր յանձնեց անոր