image

Աշխարհը չի կրնար թոյլ տալ ռազմական բախում Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ. Կութերեշ

Աշխարհը չի կրնար թոյլ տալ ռազմական բախում Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ. Կութերեշ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ խոր մտահոգութիւն յայտնած է Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ ռազմական բախման կապակցութեամբ։ Այս մասին հաղորդած է Arab News-ը՝ յղում ընելով ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցչին։

Կութերեշ երկու կողմին կոչ ըրած է ցուցաբերելու առաւելագոյն զսպուածութիւն։ Ան ընդգծած է, որ աշխարհը չի կրնար թոյլ տալ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ ռազմական բախում։