Շուէտ ջնջեց Թուրքիոյ զէնք վաճառելու արգելքը, որ ի զօրու էր 2019էն սկսեալ, իբրեւ հակադարձութիւն քիւրտ անջատողականներուն դէմ թրքական բանակին սկսած զինուորական գործողութիւններէն ետք:
Որոշումը վերատեսութեան ենթարկուեցաւ Անգարայի պահանջով, որ կը սպառնար հակառակ պարագային վեթոյի ենթարկել Շուէտի` ՆԱԹՕի անդամակցութիւնը:
Շուէտ եւ Ֆինլանտա ՆԱԹՕին միանալու դիմում ներկայացուցած էին Մայիսին: Դիմումը պէտք է ընդունուի ՆԱԹՕի անդամ բոլոր 30 երկիրներուն կողմէ, ներառեալ Թուրքիոյ: