Շիրակցի գերիներու հարազատները երէկ առաւօտէն նստացոյց կ'ընեն Կառավարութեան շէնքի դիմաց եւ հանդիպում կը պահանջեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
«Մեզ այդպէս էլ Կառավարութիւնից ոչ մէկը չընդունեց։ Այսօր գիշերելու ենք այստեղ, շարունակելու ենք մեր նստացոյցը»,– NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է գերիներէն մէկու հարազատը։
Աւելի վաղ NEWS.am-ը հաղորդած էր, որ վարչապետի աշխատակազմէն լսած են Կառավարութեան շէնքի մօտ նստացոյց ընող գերիներու հարազատներու պահանջը, սակայն այդպէս ալ անոնց պահանջը չէր բաւարարուած։