«Մեղաւորները» («Sinners») ֆիլմի ամերիկահայ արտադրող Սեւ Օհանեան արժանացած է «Golden Globe Award»-ի։ Բացի Օհանեանէն, ֆիլմի արտադրողներն են Զինզի Քուկլըրը եւ Ռայան Քուկլըրը։
Ֆիլմը, օրերս կայացած արարողութեան ժամանակ արժանացած է երկու «Golden Globe Award»ի, հաստատելով իր տեղը որպէս տարուան ամենայաջողակ եւ ամենաքննարկուող ֆիլմերէն մէկը։
«Ակօս» անդրադառնալով առիթին, կը գրէ, որ օրերս տեղի ունեցաւ «Ոսկէ Երկրագունդ» (անգլերէն՝ Golden Globe Award) մրցանակի բաշխման երեկոն, որ ան ամերիկեան ֆիլմի մրցանակ մըն է, սահմանուած է Հոլիվուտեան Արտասահմանեան Լրագրողներու Կազմակերպութեան կողմէ։
Օհանեանի, ինչպէս նաեւ միւս արտադրիչներ Զինզի Քուկլըրի ու Ռայն Քուկլըրի ֆիլմը «Ոսկէ Երկրագունդ»ի արժանացաւ «Շարժանկարային եւ եկամտաբերութեան լաւագոյն նուաճում» անուանակարգի մէջ։
«Սինըրս» յաղթող հռչակուեցաւ նաեւ «Լաւագոյն ինքնատիպ երաժշտութիւն» անուանակարգին մէջ. մրցանակը յանձնուեցաւ երգահան Լիւտվիք Եորանսընին։
Յատկանշական է որ «Սինըրս» այս տարուան «Ոսկէ Երկրագունդ» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին երրորդ ամենաշատ թեկնածութիւն ունեցող ֆիլմն էր։