image

Ալիեւ Հայաստանը «նախազգուշացուցած» է վերջ տալ «վտանգաւոր խաղերուն»

Ալիեւ Հայաստանը «նախազգուշացուցած» է վերջ տալ «վտանգաւոր խաղերուն»

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքներ այցելութեան ժամանակ դիմած է Հայաստանին՝ «նախազգուշացնելով վերջ տալ վտանգաւոր խաղերուն»:

«Մէկ կողմէ կը խօսին խաղաղութեան մասին, կը ստեն, միւս կողմէ՝ լայնածաւալ սպառազինութիւն ձեռք կը բերեն: Ո՞վ  անոնց զէնք կու տայ. Ֆրանսան եւ այլ հակաատրպէյճանական երկիրներ... Այսօր անոնք պէտք է հանգիստ ձգեն Հարաւային Կովկասը, յանձնուին, երթան եւ զբաղին իրենց գործերով,  խնդիրներով... Սա իմ նախազգուշացումն է»,- ըսած է ան:

Ալիեւի պնդմամբ՝ «Հայաստանը միացած է վտանգաւոր խաղերուն եւ պէտք չէ մոռնայ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի պատմութիւնը»: